Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 15, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր որոշումը տուած է աշխատավարձերու յաւելման գծով` աւելցնելով, որ կարելի չէ այդ որոշումը ջնջել կամ փոփոխութեան ենթարկել:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի սեփականատէրերու միութիւնը շեշտեց, որ ինք կը մերժէ գործադրել աշխատավարձերու յաւելման կառավարութեան որոշումը: Միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ իրենք մտավախութիւններ ունին Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան գծով` նկատի ունենալով երկրին մէջ հետզհետէ աճ արձանագրող անգործութեան համեմատութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ իրենք վճռակամ են, որ Լիբանանի բոլոր աշխատաւորները ստանան իրենց իրաւունքները: Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է իր բացթողումը սրբագրէ հրամանագիրով մը:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ կան փաստեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք կրնան ապացուցել, թէ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարներ դէպի Սուրիա զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգում կը կատարեն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող տարբեր դեսպանատուներու կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն լոյսին տակ կարելի չէ ըսել, թէ երկրին կացութիւնը վտանգուած է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հարիրի իր բոլոր կապերը չէ խզած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` աւելցնելով, որ ան որեւէ ատեն կրնայ հանդիպում ունենալ Ասատի հետ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կը փորձէ նեղը մատնել հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին` Տար Ֆաթուայի օրէնքներուն պարագային բարեկարգումներ պարտադրելով:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը մշակէ հիմնական կանոնագիր մը, որ կը վերաբերի երիտասարդութեան վերաբերող քաղաքականութիւններու ճշդման:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները փարատած են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Սապա շեշտեց, որ լիբանանցիներու աշխատավարձերուն բարելաւման առումով տրուած որոշումը Լիբանանի պատմութեան մէջ արձանագրուած վատագոյն համաձայնութիւնն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալաէտտին Թըրրօ կոչ ուղղեց կառավարութեան ֆինանսաւորելու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ երկխօսութեան վերսկսելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը սահմանադրական կերպով ապահովէ, այլապէս` ան այդ ատեանը կրնայ իր անձնական հաշիւէն ֆինանսաւորել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ  Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին պէտք է վտարել Պէյրութէն, որովետեւ ան ահաբեկչական խմբաւորումներ կը ֆինանսաւորէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը կը մերժէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, նոյնիսկ եթէ այդ կեցուածքը կամ որոշումը նշանակէ կառավարութեան հրաժարումը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաօտեան թռիչքներ գործեց Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի եւ Նապաթիէի վերեւ` խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Օքապ Սաքըր յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւնը լաւ է`  աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը վերածուած է սուրիական գաղտնի սպասարկութեան խրտուիլակին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ աշխատավարձերուն յաւելումները ողջունելի են եւ գնահատելի, որովհետեւ անոնք կը ծառայեն աշխատաւորներուն եւ սահմանափակ մուտք ունեցող ընտանիքներուն շահերուն:

 

 

Նախորդը

ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ

Յաջորդը

ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ-ԺԱՄԱԱ ԻՍԼԱՄԻԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.