Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիւք Շօ Պէտք Է Օրինակ Առնէ Հենրիխ Մխիթարեանէն»

February 23, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ ԺոզԷ Մուրինիօ տեղեկացուց, որ ինչո՛ւ անգլիացի պաշտպան Լիւք Շոն մաս չէ կազմած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ Ֆրանսա ճամբորդած Մանչեսթըր Եունայթըտի խումբին:

«Շօ մնացած է Մանչեսթըր, որովհետեւ խումբին մէջ կան  Պլինտը, Ռոխոն եւ Տարմիանը: Ինծի հաճելի կը թուի, թէ ինչպէս անոնք կը կատարեն եզրային պաշտպանի պարտականութիւնները: Լիւքը պէտք է սպասէ իր առիթին: Պէտք է աւելի շատ աշխատի եւ գիտնայ, որ ոչինչ այնպէս դիւրին կը տրուի: Ներուժի առումով անոր մէջ շատ բաներ ինծի հաճելի կը թուին, բայց ներուժը այլ բան մըն է, դաշտին մէջ որակդ ցուցադրելը` այլ: Ան պէտք է շարունակէ ջանասիրաբար աշխատիլ, ինչպէս ատիկա երկար ժամանակ կ՛ընէր Հենրիխ Մխիթարեան», նշեց Մորինիօ:

«Հենրիխ Աշխարհի Ամէնէն Յայտնի Հայերէն Մէկը»

«Հենրիխ Մխիթարեան այժմ աշխարհի ամէնէն յայտնի եւ  հարուստ հայերէն մէկն է», գրած է «Պի.Պի.Սի.»-ն` աւելցնելով. «Ան երկրէ մըն է, որ հինգ տարի շարունակ` 1989-էն մինչեւ 1994 թուականը պատերազմի մէջ եղած է դրացի Ազրպէյճանի հետ` վիճելի տարածքի պատճառով, տակաւին փոխյարաբերութիւններ չունի Թուրքիոյ հետ` կապուած Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւններուն:

Ուրեմն Մխիթարեան ստիպուած էր ծառայել ազգային բանակին մէջ, նախքան անոր արտօնէին արտասահման տեղափոխուիլ:

Ինք` Մխիթարեան կը նշէ. «Շատ դժուար էր մեծնալ Հայաստանի մէջ այդ տարիներուն, երբ այդքան շատ խնդիրներ ունէինք մեր դրացիներուն  հետ, մեր երկիրը պատերազմի մէջ էր: Շատ դժուարին իրավիճակ էր: Նախքան ֆութպոլային ասպարէզ սկսիլը, ես պէտք է ծառայէի բանակին մէջ: Ես ծառայութեան անցայ, երբ 20 տարեկան էի: Ատկէ ետք արդէն իրաւունք ստացայ այլ ակումբ տեղափոխուելու»:

Մխիթարեանի Բարձր Մակարդակը. «Միրրըր»

Բրիտանական «Միրրըր» թերթը Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը ներառած է Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքի 1/8 հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: Թերթը գրած է.

«Հայ միջնապահը կը շարունակէ մեծցնել Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ իր դերը, եւ Պլեքպըրնի դէմ մրցումին մէջ  պարզապէս մէկ դասակարգ բարձր էր:

«Կոլի հրաշալի փոխանցման այդ մէկ պահն ալ ցոյց տուաւ, որ որքան շլացնող է ան:

«Եւ այդ պահն ալ բաւական կ՛ըլլար զինք  խորհրդանշական հաւաքական ներառելու համար, բայց ան ամբողջ մրցումին ընթացքին շատ բարձր մակարդակի վրայ մնաց»:

Նախորդը

Ճատրակ. «ՖԻՏԷ»-ի Կրան Փրի-ի Մրցաշարք. Արոնեան Հաւասարութեան Վարպետ

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեանի Կոլը Տապալեց Սենթ Էթիենը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.