Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Սամի Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր

February 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ եթէ կարելի չըլլայ խորհրդարանին մէջ մինչեւ 21 փետրուար ընտրական օրէնքը վաւերացնել, ապա Լիբանան պիտի ուղղուի դէպի վատ ընտրանքներ, ինչպէս` 1960-ի օրէնքի հիման վրայ ընտրութիւն կատարել, այլ խօսքով` պահել քաղաքական այն դասակարգը, որ այսօր կ՛իշխէ երկրին: «Ասիկա կը նշանակէ նաեւ խորհրդարանին մէջ պահել անարդար եւ անճիշդ ներկայացուցչութեան հարցը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումն ու խորհրդարանը թափուր ձգելու հաւանականութիւնը իրենց կարգին մերժելի լուծումներ են:

«Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը լիբանանցիներուն համար ամօթալի է», ընդգծեց Ժեմայէլ:

Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց իգական սեռը ներկայացնելու մասնաբաժինը յարգելը:

Ան յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ պահանջել սահմանադրութեան յարգումը, ինչպէս նաեւ օրէնքի եւ բարգաւաճ պետութեան կերտումը:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնց յայտնեց, թէ ինք ոչ մէկ ջանք պիտի խնայէ այդ հարցը լուծելու իմաստով:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք ազգային եւ մարդկային այդ թղթածրարին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ` աւելցնելով, որ ինք այդ թղթածրարին լուծումը մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ հետապնդել ե՛ւ հանրապետութեան նախագահին, ե՛ւ ապահովական կառոյցի պետերուն հետ:

 

 

Նախորդը

«Կայ Ընտրական Օրէնքի Տարբերակ Մը, Որ Համամասնական Եւ Մեծամասնական Դրութիւնները Մէկ Չափանիշի Շուրջ Կը Համախմբէ» Ընդգծեց Ժրայսաթի

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Մենք Միշտ Գաղտնիքներ Ունինք, Եւ Որեւէ Պատերազմի Պարագային Կրնաք Անակնկալի Մատնուիլ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.