
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթել Հալ Սիթիին, որ իր ունեցած բաւական լաւ պաշտպանողական գիծին շնորհիւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց ճակատումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 62-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Խուան Մաթթայով:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Եունայթըտ 42 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:


