Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շթայնմայեր. «Գերմանիան Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղութեամբ»

February 2, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր ուղերձներ փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով:

Էդուարդ Նալբանդեան իր ուղերձին մէջ գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ յաջողութեամբ կ՛ընթանայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը: Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ 25  տարին երկու ժողովուրդներու դարաւոր պատմութեան համար ակնթարթ է, սակայն իր անկախութիւնը վերագտած Հայաստանի եւ վերամիաւորուած Գերմանիոյ նորօրեայ պատմութեան մէջ անիկա  կը բնորոշէ ամբողջ ժամանակաշրջան մը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու կայացման կարեւորագոյն փուլ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վստահութիւն  յայտնած է, որ անոր հիման վրայ կը շարունակեն կառուցուիլ եւ հարստանալ հայ-գերմանական բազմաշերտ կապերը:

Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ նախորդ 25 տարիներուն ընթացքին զարգացած է կապերու բազմաշերտ  համակարգ մը, եւ մեր միջեւ առկայ է սերտ համագործակցութիւն` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ: Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր նշած է, որ Գերմանիա կ՛աջակցի Հայաստանի ցանկութեան` նոր հիմքի վրայ դնելու Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները եւ ընդլայնելու զանոնք: Ան ըսած է նաեւ, որ, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ, Գերմանիան պիտի շարունակէ աշխատիլ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ աջակցիլ  եռանախագահներուն:  Շթայնմայեր նաեւ յոյս յայտնած է, որ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը շարունակէ  զարգանալ` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Պատրաստ Է Կազմակերպելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Հայ Ուսանողները Ցեղասպանութեան Ժխտման Դէմ Բողոքի Ցոյցեր Պիտի Կազմակերպեն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.