Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

February 1, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Իրան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 31 յունուարին հանդիպում ունեցած է պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար Հիւսէյն Տեհղանին հետ:

Նախարար Տեհղան ողջունած է հայկական պատուիրակութիւնը եւ շնորհաւորած հայոց բանակի կազմաւորման  25-ամեակը: Ընդգծելով հայ-իրանական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ զարգացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:

Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ հայ-իրանական համագործակցութիւնը առաւել խորացնելու համար անհրաժեշտ է պարբերական հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու մեքանիզմ մշակել:

Քննարկուած են նաեւ միջազգային ու շրջանային անվտանգութեան վերաբերող եւ տագնապներու լուծման առնչուող խնդիրներ:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ կարեւոր նկատելով շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման գծով ի գործ դրուող ջանքերը, կողմերը ընդգծած են տագնապի խաղաղ, բացառապէս բանակցային ուղիով լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք նախարարները տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուցած են բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Նոյն օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Թեհրան գտնուող «Մալեք Աշթար»  համալսարան, որուն գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը պաշտպանական մարզին առնչուող նախագիծերու իրականացումն է: Նշելով, որ Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող մարզերէն մէկը ռազմարդիւնաբերութիւնն է, Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է պաշտպանական մարզին մէջ Հայաստանի եւ Իրանի համագործակցութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` գիտական մարզին մէջ:

Աւելի ուշ հայկական պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ «Իրանի ելեկտրոնային արդիւնաբերութիւն» ընկերութիւն, որ մասնագիտացած է պաշտպանական մարզին համար արհեստագիտական լուծումներ նախագծելու եւ իրականացնելու մէջ:

 

Նախորդը

Եւրոպա, Արաբական Երկիրներ, Աւստրալիա. Կ՛աւելնայ Արցախի Մէջ Ներդրողներուն Թիւը

Յաջորդը

«Մոսկուա Կը Փորձէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով Հանդիպում Կազմակերպել» Կ՛ըսէ Մամետեարով

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.