Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունուար Դ. – Հպարտութեամբ Կը Խոնարհինք Հայոց Բանակին Խիզախութեան Առջեւ

January 30, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 յունուարին կը նշենք մեր ազգային սրբազնագոյն տօներէն մէկը` Հայոց բանակին տօնը:

Պատմական հերոսամարտերու, ազատագրական պայքարի երկունքէն ծնունդ առած ու անկախ մեր հայրենիքի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը հանդիսացած հայոց բանակը մեր ազգային հպարտութիւնն է:

Հայոց բանակն է հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան մարմնացումը: Բանակին ծառայող մեր մարտունակ զինուորները ոչ միայն մեր հայրենիքին սահմանները կը պաշտպանեն, այլեւ` մեր ժողովուրդին ազատ ու մեր պետութեան ինքնիշխան ապրելու եւ բարգաւաճելու իրաւունքը, աւելի՛ն, անոնց ծաղկումին նպաստող խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Հայոց բանակի քաջարի զինուորները մեր տարածքները լոկ աշխարհագրական իմաստով չէ, որ կը պաշտպանեն. անոնք կը պաշտպանեն համայն հայութեան հայրենիքը Արցախէն Հայաստան ու հայրենիքի պաշտպանումով կանգուն կը պահեն համայն հայութեան ազգային գոյութեան պատուանդանը:

Անոնք, իրենց հայեացքը յառած Արարատին, դէմ կը դնեն մեր ոսոխներու մշտական ոտնձգութիւններուն` քաջ գիտնալով, որ անհաւասար ուժի դէմ անգամ յաղթական է այն բանակը, որ կը մարտնչի յանուն արդարութեան, յանուն իր սուրբ հողին, յանուն իրաւունքի:

Նիկոլ Դումանի, Նժդեհի, Դրոյի, Թաթուլ Կրպէեանի, Աշոտ Ղուլեանի արիութեամբ սնանած հայոց բանակը իր կազմութենէն մինչեւ օրս թէեւ ճակատագրական մարտեր մղեց ու թանկագին հերոսներու գարուն կեանքը զոհ տուաւ, սակայն գօտեպնդուեցաւ, պատմութիւն կերտեց ու տարուէ տարի զարգացաւ, արդիականացաւ` դառնալով տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ ու հայրենասէր բանակը: Այլ կերպով կարելի չէ բացատրել ազերի hորդաներուն դէմ դնող 19-ամեայ մեր զինուորներուն քաջութիւնն ու յանդգնութիւնը: Թշնամիին   արդիական զէնքերն ու լարախաղաց դաշնակիցներն անգամ ի զօրու չեղան տկարացնելու հայ զինուորին կամքն ու մարտունակութիւնը:

Այսուհանդերձ, հայոց բանակին զօրավիգ կանգնելու, անոր գերարդիականացման նպաստելու կոչուած ենք ազգովին, որովհետեւ հայոց բանակը համայն հայութեան բանակն է, անոր գոյերթին հիմքը, համահայկական շահերուն հիմնական պաշտպանը:

Տարածաշրջանային եւ հայկական վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ պատերազմի մէջ թէ խաղաղութեան, երկրի մը կայունութեան հիմնական երաշխիքը անոր հայրենասէր ու ազգասէր բանակն է:

Զօրավիգ կանգնինք մեր ազգային հպարտութեան` հայոց բանակին ու  նուիրումի իր ոգին փոխանցենք նորահաս սերունդներուն, որպէսզի կերտենք հայրենասէր ու յանձնառու հայորդիներ` հայոց բանակի զինուորագրեալներ:

«Գ.»

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Հայոց Բանակը

Յաջորդը

Էմմա Գրիգորեանի Աշխարհընկալումը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.