Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

126-Ամեակի Մտորումներ

January 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս կուսակցութիւնները ժողովուրդին կամ հաւաքականութեան մը երեք առ հարիւրը կը ներկայացնեն: Այլ խօսքով, կուսակցականները, շարքայինները ընդհանուր առմամբ բաւական քիչ կ՛ըլլան, եւ կուսակցութիւնները առհասարակ իրենց գործով ու գաղափարախօսութեամբ լայն զանգուածով ժողովուրդ կը ղեկավարեն:

Այդպէս եղած է միշտ եւ այդպէս է՛ այսօր: Դաշնակցութիւնն ալ իր մանիֆեստով եւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ իբրեւ միակ եւ զօրաւոր յենարան ունեցած է ժողովուրդը: Բոլոր ժամանակներուն ալ դժուար ուղին ընտրած է: Բոլոր ժամանակներուն ալ ազգին ու հայրենիքին անկախ ըլլալու, ինքնուրոյն ըլլալու եւ այդպէս մնալու գինը վճարած է:  Այդ ճամբուն վրայ իր լաւագոյնները զոհած է: Այդ ճամբուն վրայ իր ամբողջ ղեկավարութիւնը աքսորուած է: Այդ ճամբուն վրայ եռագոյնը պահած է ու անով` սերունդներ դաստիարակած: Համակիրները եղած են ու ե՛ն իր յենարանը: Ժողովուրդը մեծ հաւատքով եւ ակնածանքով հետեւած է Դաշնակցութեան ցուցմունքներուն: Սփիւռքը կազմակերպած է, իսկ երբ անհրաժեշտ եղած է, սփիւռքի գաղութները հայրենիքի պէս զէնքով ալ պաշտպանած է. վկա՛յ Պէյրութի եւ Հալէպի մեր տղոց աշխատանքները: Ուղեկից կազմակերպութիւններով բոլոր մարզերուն մէջ իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունեցած է: Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ հետեւողական եւ անզիջող եղած է:

Երիտասարդական եւ ուսանողական մակարդակով իր պատրաստութիւնը եւ դաստիարակութիւնը ջամբած է: Հայաստանի եւ Արցախի համար առաջին գիծի վրայ եղած է, եւ եթէ պէտք եղած է, իր գումարտակը կազմած է: Ժողովուրդին իրաւունքներու եւ փտածութեան դէմ իր արշաւը նոյն ոճով պահած է: Ընդդիմութեան ժամանակ իր դրական եւ շինիչ մասնակցութիւնը բերած է: Իշխանութեան հետ կառավարութեան մասնակցելու պարագային, իր նախապայմանները ճշդած է: Արցախի հողային զիջումներու հարցով սկզբունքային մնացած է: Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար սկիզբէն իր կեցուածքը յստակացուցած է:

Այս բոլորէն ետք մէկ բան պէտք է գիտնանք բոլորս` ամէնէն պատասխանատու կուսակցականէն մինչեւ ամէնէն պարզ շարքայինը: Մենք զօրաւոր ենք մեր համակիրներով: Մեր համակիրները մեր ուժն են: Մեր համակիրներուն մէջ կան` մտաւորականը, արուեստագէտը, գործատէրը, ուսուցիչը, քահանան, բժիշկը, փաստաբանը, բանուորը, աշակերտը, ուսանողը, մեր պապիկներն ու մամիկները: Այս պատասխանատուութեամբ պէտք է գործենք: Այս պատասխանատուութեամբ պէտք է համախմբենք: Բացթողումները արտօնելի չեն: Սխալները սրբագրելը յետաձգելի չեն: Սկզբունքային մնալը անհրաժեշտ է:

Ձեռք ձեռքի աշխատիլը եւ բոլորին հանդուրժելը մեր աւանդութիւնն է: Մեր մեծերը յարգելը եւ անոնց յիշատակը պահելը սրբութիւն է: Այս ուղղութեամբ եւ այս ոգիով պէտք է 126-ամեակը դիմաւորենք, որպէսզի տեղ մը մեր աւանդոյթներուն հաւատարիմ մնանք:

Վերջապէս պէտք է ըսել, որ Դաշնակցութեան օրը դաշնակցականներէ աւելի դաշնակցական համակիրի օրն է, եւ մենք պէտք է լաւ գուրգուրանք ասոր:

 

Նախորդը

Այնքան Ալ Թեթեւսոլիկ Չեն…

Յաջորդը

Մեր Դաւանանքին Հիմքը` Դաշնակցական Գործելակերպի Հմայքն Է (ՀՅԴ 126-Ամեակ)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.