
19 դեկտեմբերին Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը սպաննած 22 տարեկան թուրք ոստիկան Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշի ընտանիքն ու ազգականները հարցազրոյց ունեցած են լրատուամիջոցներու հետ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Մեւլութի մայրը պատմած է, որ իր տղան շատ հանգիստ, լռակեաց եւ ինքնամփոփ էր:
«Այդ օր հեռաձայնեց ինծի, ըսաւ. «Մայրիկ, ի՞նչ կ՛ընես»: Ես ալ ըսի, որ հիւրութեան գացած եմ մէկու մը տունը եւ հազիւ ազատ ըլլամ` իրեն կը հեռաձայնեմ: Ինքն ալ «լաւ, մայրիկ, Ալլահը թող քեզի պահապան ըլլայ» ըսաւ եւ հեռաձայնը գոցեց: Յետոյ, երբ հեռաձայնեցի իրեն` չկրցայ կապ հաստատել անոր հետ: Անոր հետ նոյն տունը մնացող ընկերոջ հեռաձայնեցի. զանգը կը հնչէր, սակայն վերցնող չկար», պատմած է մայրը:
Մարդասպանին հօրեղբօր տղան նշած է, որ Մեւլութ աւելի կրօնապաշտ դարձած էր ոստիկանական ակադեմիա ընդունուելէ ետք: «Ոստիկանական ակադեմիային մէջ ուսումը սկսելէն ի վեր լսեցինք, որ նամազ կ՛ընէ: Այդ ժամանակ աւելի ինքնամփոփ դարձաւ եւ ուրիշներու հետ կապ չէր հաստատեր»:
Ան նաեւ հերքած է Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այն պնդումները, թէ Մեւլութն ու իր ընտանիքը կապ ունին 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող Ֆեթհուլլահ Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին հետ: «Մենք կիւլենականներուն հետ ոչ մէկ կապ ունինք, մենք քեմալական ընտանիք ենք», յայտարարած է Պ. Ալթընթաշ:
«Կ՛երեւի ոմանք զինք խաբած են, ըսած են. «Հերոս պիտի դառնաս»: Չեմ գիտեր, թէ անոր ծնողներու մտադրութիւնը ինչ է, սակայն մենք` իբրեւ անոր ազգականները, թաղման արարողութեան պիտի չմասնակցինք: Դաւաճաններու համար հոգեհանգիստի նամազ չի կատարուիր մեր մօտ», ըսած է ազգականը:
Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշի մարմինը դիահերձարանէն տակաւին ոչ ոք ստանձնած է: Ալթընթաշի ազգականներէն ոեւէ մէկուն չներկայանալուն պարագային զինք պիտի թաղեն համայնական գերեզմանի մէջ:


