Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարի Մամլոյ Ասուլիսը

December 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

spurk_122716

27 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մամլոյ ասուլիսը: Նախարարը համառօտ ներկայացուց 2016-ի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, նշեց, որ նախարարութեան գործունէութիւնը նպատակաուղղուած է գերակայ ճանչցուած խնդիրներու լուծման եւ նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման:

«Հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայերու, որոնց շարքին` սուրիահայերու, հասարակութեան մէջ համարկման հոլովոյթի եւ կառուցակարգերու  կատարելագործում» գերակայ խնդիրի լուծման ուղղութեամբ շարունակուած են Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած գաղթականներու կեցութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ այլ հարցերու  լուծման ուղղուած աշխատանքները, կազմակերպուած է  Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջնախարարական յանձնախումբի 8 նիստ, «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական 6 ցուցահանդէս-տօնավաճառ: 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին սուրիահայ 436 ուսանողներու  ուսման վարձավճարներու 70 առ հարիւրը վճարուած է  Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ֆինանսական աջակցութեամբ, իսկ ծայրայեղ կարիքաւոր սուրիահայ 25 ուսանողներու ուսման վարձավճարներուն մնացած 30 առ հարիւրը փոխհատուցած է Հայ օգնութեան ֆոնտը: Կազմակերպուած է շուրջ 200 սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստը տարբեր ճամբարներու մէջ, որոնց աջակցած են «Սէյվ տը Չիլտրըն Ինթըրնեշընըլ» միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը եւ Հայ օգնութեան ֆոնտը: Նոյեմբերին Դարբնիկ համայնքին մէջ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան  բժշկական անձնակազմին կողմէ կատարուած է 45 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու ակնաբուժական եւ ատամնաբուժական քննութիւն եւ նոյն մարզին մէջ շարք մը այլ աշխատանքներ:

Կարեւոր նկատուած են նաեւ սփիւռքի հայ երիտասարդութեան շրջանակին մէջ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակի բարձրացման նպաստող ձեռնարկները: Յաջողութեամբ իրականացուած են «Սփիւռք» ամառնային դպրոց»-ի եւ «Արի տուն» ծրագիրները:

Նախարարը նշեց, որ «2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած նախարարութեան վերոնշեալ բոլոր ծրագիրները, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որ աննախադէպ էր մասնակիցներու թիւով: Ասմունքի, տուտուկի փառատօներուն, երգչախմբային արուեստի, պարարուեստի օրերուն մասնակցած է շուրջ 2000 հոգի աշխարհի 23 երկիրներէ»:

2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է 8 համահայկական համաժողով եւ գիտաժողով:

Նախարարը 2017-ն յայտարարեց Արցախի տարի եւ նշեց, որ լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին սկիզբ առաւ «Դուն  ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար» շարժումը, որ լայն թափ կը ստանայ:

Այնուհետեւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

«Դեկտեմբեր Ամսուան Ընթացքին Լիբանան Հասած Է 250 Հազար Զբօսաշրջիկ» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Յաջորդը

Նորագիրները Երդում Տուին Վահան Յովհաննիսեանի Շիրիմին Առջեւ

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.