Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Վիգէն Սարգսեան Վրաստանի Մէջ Քննարկեց Հայ-Վրացական Զինուորական Յարաբերութիւնները

December 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bashdbanoutyan-nakharar-2_122116

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 21 դեկտեմբերին ունեցած է շարք մը պաշտօնական հանդիպումներ:

Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ: Հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է երկու պետութիւններու բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, քննարկուած են պաշտպանութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման ու շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

bashdbanoutyan-nakharar-1_122116

Բարձր գնահատելով երկու պետութիւններու համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ եւ ընդգծելով յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը` կողմերը շեշտած են նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւորութիւնը` իբրեւ շրջանի պետութիւններու կայուն զարգացման անհրաժեշտ նախապայման:

Ապա կայացած է Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներ Վիգէն Սարգսեանի եւ Լեւան Իզորիայի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու պատուիրակութիւններու հանդիպումը` ընդլայնուած կազմով: Քննարկուած են հայ-վրացական զինուորական համագործակցութիւնն ու ապագայ ծրագիրները: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն: Բանակցութիւնները աւարտած են Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան 2017-ի ծրագիրի ստորագրութեան արարողութեամբ: Բանակցութիւններուն արդիւնքները ամփոփուած են Հայաստանի ու Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Նոյն օրը կայացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի հետ: Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւնները, անդրադարձ կատարուած է երկու բարեկամ ժողովուրդներու զօրացման ու ամրապնդման, համամարդկային արժէքներու վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը զօրացնելու կարելիութիւններուն: Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Իլիա Բ. պատրիարքին` ջերմ ընդունելութեան համար:

21 դեկտեմբերի երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է հայաստանեան եւ վրացական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, ներկայացուցած է հանդիպումներուն եւ բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

 

 

Նախորդը

Իրան. «Պաքու Պէտք Չէ Ընդունէր Իսրայէլի Վարչապետին Այցելութիւնը»

Յաջորդը

Ռուհանիի Հայաստան Այցելութիւնը Առիթ` Հայ-Իրանական Քաղաքական Եւ Տնտեսական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.