Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղարջը (Currant)

December 22, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

currant_122216

Հաղարջի զանազան տեսակներ գոյութիւն ունին` սեւը, կարմիրը եւ ճերմակը: Հաղարջը կը բուսնի Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ:

Կարմիր ու ճերմակ հաղարջը աւելի քաղցր է, քան սեւ հաղարջը, սակայն սեւը աւելի հարուստ է սննդական տարրերով: Անիկա կրկնակի անգամ կը պարունակէ կենսանիւթ Ա. եւ հինգ անգամ աւելի կենսանիւթ Սէ.: Իսկ հաղարջի բոլոր տեսակները կը պարունակեն կարգ մը հանքային աղեր, ինչպէս` քալսիոմ, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ:

Հաղարջի երեք տեսակներն ալ կ՛իյնան սննդարար պտուղներու ցանկին մէջ, որովհետեւ բուժելու յատկութիւն ունին:

Բժիշկներ կը յայտնեն, որ ի մասնաւորի սեւ հաղարջը մարմնի գեղձերը կը մաքրէ, ուժ կու տայ լեարդին եւ փայծաղին, որպէսզի լաւ ձեւով գործեն: Ան նաեւ օգտակար է մարմնէն դուրս վանելու համար թոյները` քրտինքի միջոցով:

Գիտնականներ ի յայտ բերին նաեւ, որ սեւ հաղարջը բուժիչ դեղ է փորհարութեան եւ կ՛օգնէ կոկորդի եւ նշագեղձերու բորբոքումի մեղմացումին:

Կարելի է սեւ, թարմ հաղարջի հատիկները ծամել, կամ անոր տերեւները զետեղել թէյի մէջ` յօդացաւը, յօդատապը (rheumatism) եւ երիկամներու հարցերը բուժելու համար: Սեւ հաղարջը կ՛օգնէ նաեւ ձերբազատելու մարմնին մէջ գտնուող աւելորդ միզային թթուէն: Ան կ՛օգնէ նաեւ թեթեւցնելու կնոջ դաշտանի ցաւերը:

Իսկ կարմիր հաղարջը, որ իր մէջ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ շաքար, միզաբեր է եւ կը բուժէ մարսողական ու յօդացաւի հարցերը:

Իսկ հարբուխի, բորբոքումի եւ այլ ժահրերու ազդեցութիւնը թեթեւցնելու եւ բուժելու համար կարելի է խմել կարմիր հաղարջի հիւթը` անոր վրայ աւելցնելով նոյն քանակութեամբ ջուր: Այս հիւթը կ՛օգնէ նաեւ պաշտպանելու լինտն ու ակռաները:

Կարգ մը ցուցմունքներ` հաղարջը սպառելու

Նախընտրելի է թարմ հաղարջը սպառել իր եղանակին եւ զայն աւելցնել ուտելիքներու վրայ: Նշենք, որ հաղարջը եփելու պարագային կը կորսնցնէ իր մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ.-ին մեծ մասը:

Հաղարջի հատիկները կարելի է սպառել` զայն աւելցնելով պտուղի աղցանի, մեղրի կամ անուշեղէններու վրայ:

Հաղարջը կարելի է նաեւ պտուղի վրայ աւելցնելով եփել եւ ստանալ համեղ փուտինկ:

Հաղարջը կարելի է աւելցնել կարկանդակին կամ թարթին վրայ եւ զայն հրամցնել:

Կարելի է նաեւ հաղարջի անուշ պատրաստել եւ զայն ընտանիքի անդամներուն նուիրել:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Փառքի Եւ Դրամի Ջրապտոյտին Մէջ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.