Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Յայտարարեց Հանրապետական Կուսակցութեան Անդամակցելու Իր Մտադրութիւնը

November 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garen_112416

Երէկ` կառավարութեան նիստէն առաջ, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամակցելու իր որոշումին մասին: «Այսօր դիմում պիտի գրեմ` ՀՀԿ-ին անդամակցելու համար: Կը կարծեմ` այս որոշումը շատերու համար կանխատեսելի էր եւ տրամաբանական, բայց ես կ՛ուզեմ մեկնաբանել, թէ` ինչու:

Առաջին` վարչապետի պաշտօնին ինծի հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Երկրորդ` իւրաքանչիւր կառավարութիւն պէտք է ունենայ քաղաքական յենարան, եւ մեր կառավարութիւնը եղած է նախ եւ առաջ ՀՀԿ կառավարութիւնը:

Երրորդ` եթէ նոյնիսկ հաշուի չառնենք առաջին երկու կէտերը, ոմանց համար կրնայ ծագիլ տեսական հարցադրում, ինչո՞ւ չենք հիմնադրեր այլ կուսակցութիւն, որ մեզի համար քաղաքական յենարան մը ըլլար: Ատիկա արդարացուած պիտի չըլլար` ունենալով Արցախի հիմնահարց եւ երկրի անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներ: Մենք պէտք է խուսափինք անկայուն հոլովոյթներէն ու զարգացումներէն:

Չորրորդ` ո՞ր կուսակցութիւնը կրնայ փոփոխութիւններու  իրականացման քաղաքական յենարան ըլլալ, ըստ իս` ՀՀԿ-ն, քանի որ ինծի հոգեհարազատ է կուսակցութեան պահպանողական գաղափարախօսութիւնը, եւ այնտեղ ինծի համար ընդունելի բազմաթիւ մարդիկ կան: Չափազանց կարեւոր է, որ վարչապետի պաշտօնին հրաւիրուելու պահուն եւ անկէ ետք իմ առջեւս դրուած հիմնական խնդիրը եղած է հետեւեալը` անհրաժեշտ է շատ բան փոխել տնտեսական քաղաքական կեանքին մէջ, աւելին` պետական կառավարման համակարգին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ փոփոխութիւնները պէտք է սկսինք մեզմէ»:

Նշենք, թէ ՀՀԿ-ին միանալու դիմում ներկայացուցած են նաեւ փոխադրութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան:

Նախորդը

«Ռուսերէնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Պետական Լեզու Պիտի Չդառնայ» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

Յաջորդը

Արենա Փոխարինեց Քլինսմանը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.