Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ասիկա Դաշնակցութեան Համար Սկզբունքային Հարց Է»

November 17, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

rousdamian_111616

16 նոյեմբերին գումարուած Ազգային ժողովի հերթական քառօրեայ նիստին շարունակուած է բանակին մէջ փոխհատուցման համակարգը ապահովող հիմնադրամի ստեղծման հարցին քննարկումը: Պատգամաւորները հանդէս եկած են ելոյթներով:

ՀՅԴ խմբակցութեան անունով խօսք առած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, որ ողջունած է պաշտպանութեան նախարարին այս նախաձեռնութիւնը` դիտել տալով, որ ան առանց ժամանակ կորսնցնելու կը փորձէ միս ու արիւն հաղորդել ազգ-բանակ գաղափարին: Ըստ պատգամաւորին, ասիկա շատ լուրջ հոլովոյթ է, որուն սկիզբ կը դրուի նման քայլերով, որովհետեւ ասոր կը կապուի ազգային տուրքի գաղափարը:

«Ասիկա Դաշնակցութեան համար սկզբունքային հարց է: Դաշնակցական տեսաբաններէն Միքայէլ Վարանդեանը ժամանակին` դեռ 1910-ին, հրապարակած է աշխատութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէ, որ, վերլուծելով հայ ժողովուրդին վիճակը, թէ շրջապատուած է թշնամիներով, յանգած է եզրակացութեան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հայ ժողովուրդը, յոյսը իր վրայ դնելով, կառուցէ իր պաշտպանութիւնը: Ատիկա նոյն գաղափարն է, միայն թէ ան այդ գաղափարը անուանած է համաժողովրդական բանակ` հիմնաւորելով, որ հայ ժողովուրդը այլ ճամբայ չունի: Ասիկա հայեցակարգ մըն է, որ ոեւէ հայ որեւէ պահու պէտք է ըլլայ կա՛մ բանակի շինարար, կա՛մ բանակի զինուոր», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեանի համաձայն, ողջունելի են այն բոլոր քննադատութիւնները, որոնք կ՛արտայայտուին գաղափարը ընդունած, սակայն անոր մէջ ուղղումներու կարիք տեսնող մարդոց կողմէ: Բայց բոլոր անոնք, որոնք կը մերժեն գաղափարը, ըստ Ռուստամեանի, հաւանաբար չեն հասկցած, թէ մենք ի՛նչ միջավայրի մէջ կ՛ապրինք ու ազգովին ի՛նչ մարտահրաւէրներ պէտք է յաղթահարենք: Պատգամաւորին համաձայն, հասած է կարողականութիւնները լարելու, համախմբելու եւ մէկ բռունցք դառնալու պահը:

Ա. Ռուստամեան չէ ժխտած, թէ կայ անվստահութեան մթնոլորտ, որ իր ծանրութեամբ իշխած է բոլորին վրայ, բայց շեշտած է, որ պէտք չէ նմանիլ այն մարդուն, որ անընդհատ կը դժգոհի խաւարէն` մոմ մը վառելու փոխարէն:

Պատգամաւորը աւելցուցած է ըսելով, որ պաշտպանութեան հարցը առաջնահերթ է, եւ պէտք է հասկնալ հարցին լրջութիւնը:

Դաշնակցութիւնը օրինագիծին թեր պիտի քուէարկէ:

 

Նախորդը

Հայազգի Երկու Զօրավարներ Պաշտօնի Կոչուած` Նախագահական Պալատին Մէջ

Յաջորդը

Նախագահը Ընդունած Է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխնախարարի Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ Հարցերու Տեղակալը

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.