Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Սրբոց Թարգմանչաց Տօն

November 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-tarkmanchats_1027161-tarkmanchats_102716Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին ՀԲԸՄ-ի  Պօղոս  Գ.  Կարմիրեան  վարժարանի հայերէն լեզուի  դասատու Մարալ Քէհեայեանի առաջնորդութեամբ,  կազմակերպուեցաւ ատենամարզանք  մը`  նուիրուած Թարգմանչաց տօնին:

7-tarkmanchats_102716 Յայտագիրին բացումը կատարեց  Մարալ  Քէհեայեան, որ հակիրճ կերպով փոխանցեց  Թարգմանչաց  խորհուրդը եւ աւելցուց,  թէ   այս  տօնը Հայաստանի մէջ սահմանուած է 2001-էն ի  վեր, որպէս  պետական տօն, նուիրուած  հայ  գիրերու գիւտին, իսկ հայ Առաքելական եկեղեցին  առաջին անգամ թարգմանողներուն  առանձնայատուկ շնորհով օժտուածները, վաղ  միջնադարուն  դասած է եկեղեցւոյ սուրբերու  շարքին: Ան յիշեցուց, թէ Երեւանի, Գառնիի  եւ այլ  վայրերու մէջ կը կազմակերպուին շքեղ  տօնախմբութիւններ, եւ սոյն  տօնին առիթով  լաւագոյն թարգմանիչներուն (հայ  թէ  օտար) կը  տրուի  Հայաստանի գրողներու միութեան  «Եղիշէ  Չարենց»-ի անուան  մրցանակ:

Բացման խօսքէն ետք  բեմ բարձրացան  առաջին  դասարանի աշակերտները եւ իրենց  անդրանիկ  մասնակցութիւնը  բերին նախակրթարանի  ատենամարզանքներուն  ներկայացնելով  գեղեցիկ  պար մը: Ապա Ե. կարգի աղջիկները երգեցին   «Մայրենի լեզու» երգը, Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Գէորգ Էմինի «Յաւերժի ճամբորդը» արձակ բանաստեղծութիւնը, ըստ աշակերտներուն տարբերակին, որպէս կիսաթատրոն  ներկայացում:

Բացառիկ  ներկայացում մըն  էր, իւրաքանչիւր  աշակերտ իր ոճով, համարձակ եւ անսխալ ներկայացումով տպաւորեց ներկաները: Ուշագրաւ  էին անոնց տարազները,  բեմին վրայ էին մշեցին, սասունցին, տիգրանակերտցին, իրենց  հարազատ տարազներով: Ներկայացման  ընթացքին մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան  նկարներ եւ շարժապատկերներ:

Յայտագրի վերջին  բաժինով ցուցադրուեցաւ «Սի. Էն. Էն» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ  պատրաստուած տեսանիւթ մը` Հայաստանի եւ հայութեան մասին:

Աւարտին վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեան  շնորհաւորեց եւ բարձր գահատեց յատկապէս  վեցերորդ դասարանի աշակերտները, եւ յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց Մարալ Քէհեայեանին այս հոյակապ յայտագիրին  համար:

Նախորդը

Հունձքի Տօն Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Մեսրոպեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.