Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբը Մտահոգուած Է Ազրպէյճանի Մէջ Հայերու Նկատմամբ Խտրականութեան Դրսեւորումներու Առնչութեամբ

November 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

un_111116

ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ խտրականութեան դրսեւորումներու վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի Ազրպէյճանի վերաբերեալ չորրորդ պարբերական զեկուցումի եզրափակիչ բաժինին մէջ:

«Յանձնախումբը մտահոգուած է Ազրպէյճանի մէջ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններու եւ խտրականութեան դրսեւորման հաղորդումներուն կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ այդ անձերուն կողմէ` սեփական հայկական ինքնութիւնը ճանչնալու դժկամութեամբ: Մեզ կ՛անհանգստացնեն այն հաղորդումները, որ հայկական ազգանուն ունեցող օտարերկրացիներուն, անկախ անոնց քաղաքացիութենէն, չ՛արտօնուիր մուտք գործել Ազրպէյճան», նշուած է յանձնախումբի զեկուցումին մէջ:

Յանձնախումբը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն` կանխարգիլելու եւ պայքարելու համար հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններուն դէմ: Յանձնախումբը յորդորած է Պաքուն նաեւ կամայական եւ խտրական հիմքերով չարգիլել հայկական ազգանուն ունեցող անձերու մուտքը Ազրպէյճան:

Եզրափակիչ դիտարկման մէջ յանձնախումբը մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ լրագրողներու, գործիչներու դէմ յարձակումներու, խօսքի ազատութեան, խաղաղ հաւաքներու կատարման սահմանափակումներու կապակցութեամբ:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Ապահոված Թեկնածուներուն 93 Տոկոսը` Յաղթական

Յաջորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. Թուրքիոյ Վրայ Ճնշում Գործադրելը Դրական Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւններուն Վրայ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.