Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Ապահոված Թեկնածուներուն 93 Տոկոսը` Յաղթական

Նոյեմբեր 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

election_2016_anca_111116

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 8 նոյեմբերին տեղի ունեցած Քոնկրեսի ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն 93 տոկոսը կրցած է յաղթական դուրս գալ: Յանձնախումբը միաժամանակ շնորհաւորած է Տանըլտ Թրամփի յաղթանակը եւ դրուատած Հիլըրի Քլինթընի մղած ընտրապայքարը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան նաեւ դրուատեց դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութեանց` ամերիկահայերուն մրցանիշ հաստատած մասնակցութիւնը, վստահեցնելով, որ յառաջիկայ շաբաթներուն նորընտիր գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեանց հետ կապ հաստատելով` լուսարձակի տակ պիտի առնուին ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:

Համբարեան ողջունեց յատկապէս յաղթանակը հայութեան իրաւանց ջատագով հետեւեալ քոնկրեսականներուն. Քրիս Վան Հոլըն, Էտ Ռոյս, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Տէյվիտ Վալատաու եւ երկու հայ թեկնածուներ Ճեքի Սփիր եւ Աննա Իշու: Այլ ամերիկահայ թեկնածու մը` Տենի Թարխանեան, քուէներու 1 տոկոսի տարբերութեամբ չկրցաւ ընտրուիլ:

Ծերակոյտի պարագային, Հայ դատի զօրակցութիւնը ապահոված 11 թեկնածուներէն 7-ն ընտրուեցաւ, ներառեալ` Չաք Շումըրը, որ հաւանաբար ստանձնէ Ծերակոյտին մէջ փոքրամասնութեան ղեկավարի դիրքը, որովհետեւ նախկին ղեկավար Հերի Ռիտ որոշած է հանգստեան կոչուիլ: Վերընտրուեցան նաեւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներու ջատագով Փաթրիք Լէյհի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու զօրակցող Մարքօ Ռուպիօ ու Ճոն ՄըքՔէյն:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայ դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը ապահոված 122 թեկնածուներէն միայն 5-ը չէ յաջողած ընտրուիլ: Վերոյիշեալներուն կողքին, նոր Ներկայացուցիչներու տան մէջ կան ամերիկահայութեան զօրակցող հետեւեալ քոնկրեսականները` Փոլ Ռայըն (Ներկայացուցիչներու տան ներկայ նախագահ), Նիթա Լոուի, Էտըմ Սմիթ, Էլիըթ Էնկըլ, Քրիս Սմիթ, Պրետ Շըրմըն, Տանա Ռորպաքըր, Տէյվիտ Սիսիլին, Քերըն Պես, Էլըն Լոունթալ, Թետ Տէօչ, Լոյիս Ֆրենքըլ, Ալպիօ Սիրես, Կրէյս Մենկ եւ Տենիըլ Տանըվըն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին պատրաստած` իւրաքանչիւր քոնկրեսականի արժեւորումին ծանօթանալու համար, այցելել anca.org/report-card կայքէջը:

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Իսկ Նախագահ Աուն Տնտեսական Մարզը Բարելաւելու Նպատակով Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ներդրումին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբը Մտահոգուած Է Ազրպէյճանի Մէջ Հայերու Նկատմամբ Խտրականութեան Դրսեւորումներու Առնչութեամբ

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?