Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանի Օժանդակող Երկիրներուն Դեսպաններուն Հետ

November 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_kaag_ambassadors_110616

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի օժանդակող երկիրներու դեսպաններուն պատուիրակութեան հետ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր, Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քի Ճիան եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասըն:

Հանդիպումէն ետք Քաակ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական` նշելով, որ քննարկուած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հարիրիի ստանձնած իշխանութեան փուլը յաջողցնելու միջոցները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երկրին ազգային միասնականութեան ամրապնդումին, տնտեսական վիճակի բարելաւման, երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման եւ գաղթականներու հարցի լուծման:

Քաակ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրիի նշանակման առիթով շնորհաւորութիւններու ալիքը շարունակուեցաւ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հարիրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորեց զայն` մաղթելով, որ ան ամէնէն արագ միջոցին կարենայ կազմել կարող եւ ներդաշնակ կառավարութիւն մը, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ շնորհաւորեց Հարիրին` անոր մաղթելով յաջողութիւն:

Իր կարգին, Քաթարի վարչապետ Ապտալլա պըն Նասեր պըն Խալիֆա Ալ Թանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ` անոր յայտնելով իր բարեմաղթութիւնները:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ շնորհաւորեց Հարիրին` անոր մաղթելով յաջողութիւն:

Էյրօ ընդգծեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ ստեղծուած թափուր դրութենէն ետք կարեւորագոյն քայլը կառավարութեան կազմութիւնն ու աշխատանքի վերսկսումն է, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմագրաւել իրեն սպառնացող խնդիրներուն: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհաւորեց Սաատ Հարիրին` հաստատելով, որ լիբանանցիները արժանի են ունենալու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ երկրին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ ապահովական մարտահրաւէրները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Թամմամ Սալամ Կ՛ողջունէ Լիբանանի Նոր Իշխանութեան Փուլը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.