Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Խոստացած Է, Որ Նախագահ Դառնալուն Պարագային Իր Երկիրը Այլեւս Վարչակարգեր Պիտի Չտապալէ

November 5, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

trump_110416

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգին մէջ իր աջակիցներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին խոստացած է, որ նախագահ դառնալու պարագային, Միացեալ Նահանգներ այլեւս պիտի չմիջամտեն այլ երկիրներու ներքին գործերուն ու պիտի չտապալեն վարչակարգեր:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թրամփ ըսած է. «Մենք զինուորական ուժ պիտի կիրարկենք միայն այն պարագային, երբ ատիկա կենսական անհրաժեշտութիւն նկատուի Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան համար: Մենք վերջ պիտի տանք Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն դուրս ժողովրդավարութիւն կառուցելու ջանքերուն, վարչակարգեր տապալելուն, ինչպէս նաեւ միջամտելուն այն հարցերուն, որոնց միջամտելու իրաւունք չունինք»:

Մինչ այդ, «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի կատարած մէկ հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութենէն չորս օր առաջ Թրամփ էականօրէն յառաջ անցած է իր դեմոկրատական մրցակից Հիլըրի Քլինթընէն:

Այսպէս, 4 նոյեմբերի դրութեամբ` Թրամփին ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ են ընտրողներու 47,5 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընի` 42,5 առ հարիւրը:

Հարցախոյզին մասնակցած է 2094 մարդ:

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Ամերիկացի Զինուորներու
Մեծամասնութիւնը Պիտի Քուէարկէ Յօգուտ Թրամփի

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Միլիթըրի» կայքին կողմէ կատարուած հարցախոյզի հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, ամերիկացի զինուորներուն մեծամասնութիւնը 8 նոյեմբերին նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի քուէարկէ նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի օգտին:

Հարցախոյզին մասնակցած են 1300 զինուորներ: Անոնց 67 առ հարիւրը աջակցած է Թրամփին, իսկ 25 առ հարիւրը` Քլինթընի:

Հարցախոյզին կազմակերպիչները կը նշեն, որ միլիառատէրը առաւել մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ամերիկացի նաւազներուն մօտ: Անոնց 74 առ հարիւրը պիտի քուէարկէ Թրամփին: Նոյն դիրքորոշումը ունի ցամաքային ուժերու զինուորներուն եւ օդուժի շարքերուն ծառայող զինուորներուն 68 առ հարիւրը: Հանրապետական թեկնածուի դիրքերը համեմատաբար աւելի թոյլ են ծովուժին մէջ, ուր անոր կողմնակիցները կը կազմեն հարցախոյզի մասնակիցներուն 62 առ հարիւրը:

 

 

Նախորդը

Օպամա Մէկ Տարիով Երկարաձգեց Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Յաջորդը

Իրաքեան Ուժերը Մուտք Գործած Են Մուսուլ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.