Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ-ՓԱՌԱՏՕՆ ԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

October 4, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) առաջնորդին արտասանած ճառը առաջին անմիջական ազդեցութեամբ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ ՀԱՔ-ը վերստին խստացուցած է իր ոճը եւ կը դիմէ մագլցողականութեան: Պահանջները վերաբանաձեւուած են, ոմանք նոյնութեամբ պահուած, ոմանք աւելցուած, ինչ որ էական չի թուիր այս հանգրուանին:

Դիպաշարին նկատմամբ աւելի հանդարտ դիտարկում մը կը համոզէ հետեւողը, որ այդ խստացուած ոճին եւ երեւութական անզիջողականութեան զուգահեռ ազդանշանը կը տրուի ամէնօրեայ հաւաքներու` փառատօնային մթնոլորտի մէջ: Պահանջները կը ստանան յայտարարողական հանգամանք` հանրահաւաքի մասնակիցներուն ներքին կարգով համոզելու համար, որ անզիջողականութիւնը կը շարունակուի, զուգահեռ` գետնի վրայ վրաններու տեղադրումով եւ փառատօնային մթնոլորտի ազդանշանով ժողովուրդը համախումբ պահելու միջոցին կը դիմուի:

Շարունակենք: Ինչ որ աւելի էական է այս պարագային, հետեւեալն է: Ամէնօրեայ հաւաքներու ազդանշանով եւ Ազատութեան հրապարակին տիրացումով, ՀԱՔ-ի առաջնորդները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն երկխօսութիւնը շարունակելու իշխանութիւններուն հետ: Թատերական բաժինը կը շարունակուի, երբ հրապարակայնացման ճիգով բեմահարթակէն կը զեկուցուի, որ երկխօսութիւնը շարունակելու համար հեռաձայնային կապի փորձ կատարուած է երկխօսութեան գործընթացը իշխանութիւններուն կողմէ գլխաւորող Դաւիթ Յարութիւնեանին հետ, որ «անհասանելի» մնացած է:

ՀԱՔ-ի պատասխանատուները, ինչպէս քաղաքական դիպաշարին հետեւողները վստահաբար պիտի իմանային, որ այդ օրերուն Սթրազպուրկ մեկնած էր իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան: Ուրեմն պէտք էր սպասել Յարութիւնեանի վերադարձին` երկխօսութիւնը շարունակելու ՀԱՔ-ի դիմումին պատասխանը իմանալու համար:

Յիշողութեան գործօնը կարեւոր է այս պարագային: Երկխօսութիւնը դադրեցուած էր ՀԱՔ-ի կողմէ` ՀԱՔ-ի երիտասարդներուն ձերբակալութեան պատճառով: Պատճառը այն էր, որ այնքան ատեն որ քաղաքական բանտարկեալներ կան, կարելի չէ երկխօսիլ իշխանութիւններուն հետ: Արգելակիչ այդ պայմանը չէր վերացած, որովհետեւ տակաւին արգելափակուած կը մնար ՀԱՔ-ի երիտասարդներէն մէկը: Այժմ, ՀԱՔ-ը ի՛նքն է, որ կը դիմէ երկխօսութեան եւ կը սպասէ իշխանութիւններու պատասխանին: Թատերական մէկ կարեւոր բաժին եւս զանց չէ առնուած: ՀԱՔ-ի բանտարկեալ անդամը դիմած է իր գաղափարակիցներուն եւ խնդրած, որ գործընթացը չարգելակուի իր պատճառով…

Պատկերը պարզացուած նկարագրութեամբ հետեւեալն է: Արմատական պահանջներ, զուգահեռ` փառատօնի կազմակերպում, միջանկեալ` մամլոյ ասուլիս, ժողովուրդ-ՀԱՔ-ի ղեկավարութիւն հարցում-պատասխանում, առաւել` երկխօսութիւն վերսկսելու դիմում:

Դժուար չէ ենթադրելը, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իշխանութիւններուն պատասխանը: Մանաւանդ որ լռելեայն փոխհասկացողութիւնը ընդգծուած է այս պարագային: Թէեւ երէկ երեկոյեան յայտնի դարձաւ, որ իշխանութիւնները պայմանական համաձայնութիւն տուած են երկխօսութիւնը վերսկսելու: ՀԱՔ-ը պէտք է դադրեցնէ իր ապօրինի արարքները… Մինչ այդ, Ազատութեան հրապարակը տրամադրելի է վրաններ տեղադրելու եւ փառատօն կազմակերպելու համար: Ոստիկաններն ալ արժանացած են ժողովուրդի ծափողջոյններուն` իրենց գործը լաւ կատարելու համար: Հեզասահ զուգահեռներ կ՛առաջնորդեն միաժամանակ հանրահաւաքն ու երկխօսութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒԾՈՒԻԼ ՄԻԱՅՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ՔՎԵԼԼԷ

Յաջորդը

ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐ` «ԱՅՍ ԶՈՀԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՍԱԿՈՎ ԱՐՄԱՏ ՆԵՏԱԾ ԵՆ ՀԱՅՈՑ ՀՈՂԻՆ ՄԷՋ» ԻՐ ՁԳԱԾ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՇԵՑ ՊԸՐՐԻ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.