
Ազրպէյճանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հերպըրթ Քվելլէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարատեւ լուծումը կարելի է միայն միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ:
Ընդգծելով, որ Գերմանիա, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրին լուծումով, Քվելլէ ըսած է. «Մենք միշտ զօրակցած ենք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Սակայն մենք պէտք է ընդունինք բանակցային հոլովոյթի ձեւաչափի փաստը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Ոչ ոք կ՛ուզէ խախտել այդ ձեւաչափը», ըսած է ան:


