Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով երէկ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստան – Լիբանան բարեկամութեան խումբի նախագահ, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի այգիին մէջ Լիբանանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին 27 հոկտեմբեր 1999-ի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դռնփակ հանդիպումը:
Ողջունելով լիբանանցի իր գործընկերը` Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ Պըրրիի Երեւան տուած պաշտօնական այցելութիւնը վկայութիւն մըն է երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ պետութիւններուն միջեւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ յատկապէս միջխորհրդարանական կապերը ամրապնդելու փոխադարձ ցանկութեան: Ան համոզում յայտնեց, որ Պըրրիի այցելութիւնը Հայաստան պիտի նպաստէ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական եւ երկու կողմերուն հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ: Յովիկ Աբրահամեան ընդգծեց, որ այսօր առանց վարանելու կարելի է հաստատել, որ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը կարեւոր նկատեց երկկողմանի կապերու հետագայ զարգացումը բոլոր ուղղութիւններով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով լիբանանեան պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար, Նեպիհ Պըրրի կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան խորացումը, միջխորհրդարանական եւ տնտեսական կապերու աշխուժացումը: Պըրրի բարձր գնահատեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի ապրիլ 2010-ին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը եւ նշեց, որ այդ այցելութիւնը նոր թափ հաղորդեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ դրական մեծ արձագանգ ունեցաւ: «Պէտք է նշեմ, որ մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մնայուն կամուրջ կը հանդիսանան Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայ եղբայրները, որոնք ներգրաւուած են թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական կեանքին մէջ», ընդգծեց Նեպիհ Պըրրի:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն, կարեւոր նկատեցին համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քննարկեցին երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր:
Դռնփակ հանդիպումէն ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի համաձայն, տարբեր ոլորտներու, մասնաւորապէս առողջապահութեան, ելեւմտական, զբօսաշրջութեան մարզերուն համագործակցութեան համար կան մեծ կարելիութիւններ, զորս անհրաժեշտ է աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել եւ աշխուժացնել տնտեսական յարաբերութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ հարաւկովկասեան եւ միջինարեւելեան շրջանային խնդիրներուն, երկու կողմերը անհրաժեշտ նկատած են բոլոր խնդիրները լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:
Հանդիպման աւարտին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրեր ու գիրքին մէջ, ապա երկու խորհրդարաններու նախագահները յուշանուէրներ փոխանակած են:
Լիբանանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ, երէկ նաեւ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Լիբանանեան պատուիրակութեան կ’ուղեկցէր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Պըրրի ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ, յարգեց անոնց յիշատակը անմար կրակին մօտ: Պըրրի այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացաւ ցուցադրուող նիւթերուն, ապա արձանագրութիւն ձգեց պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, ուր մասնաւորապէս կը կարդանք. «Ցաւ կ՛ապրիմ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան համար: Այս զոհերը իրենց հասակով արմատ նետած են հայոց հողին մէջ: Եւ այդ արմատներուն վրայ ալ տակաւին կանգուն է Հայաստանը»:
Պըրրի եղեւնի տնկեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին կողքին գտնուող «Յուշերու պուրակ»ին մէջ:


