
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ մասնակցեցաւ փոխադրութեան հարցերու արաբ նախարարներու գործադիր խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ:
Զաայթեր յայտնեց, որ սկզբունքով այդ նիստը պիտի գումարուէր Լիբանանի մէջ, սակայն աւելի ուշ որոշուեցաւ փոխադրութեան հարցերու արաբ նախարարներու նիստը գումարել Եգիպտոսի մէջ` նկատի ունենալով, որ Եգիպտոս արաբական հարցերը եւ տագնապները հիւրընկալող նաւահանգիստն է:
Նշենք, որ Զաայթեր Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Տէ Սուէյտի հետ, որուն հետ քննարկեց փոխադրութեան մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն միջեւ այդ մարզը բարելաւելու նպատակով ստեղծուելիք գործակցութեան հեռանկարները:


