Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1966)

October 22, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Լիբանանեան Հրաշքը

Փոքր երկիր, առեւտրական միջազգային շուկաներուն վրայ ունեցած իր գործունէութեամբ, Լիբանան զարմանք պատճառած է յաճախ մեծ երկիրներու տնտեսական եւ ելեւմտական մասնագէտներուն: Մանաւանդ վերջին տասը տարուան ընթացքին այս երկիրը ունեցաւ այնպիսի վերելք եւ անօրինակ բարգաւաճում, որ շատերու նախանձը գրգռեց:

Այս յաջողութեան հիմքը կը կազմէ ինքը` լիբանանցի ժողովուրդը: Աւելի հեռուն երթալու պէտք չկայ բացատրելու համար այս երեւոյթին պատճառները: Բնոյթով ձեռնհաս եւ գործունեայ` լիբանանցին ունի արուեստը նուազագոյն կարելիութիւնները գործի վերածելու, ի շահ իրեն ու նաեւ այն երկրին, որուն ազգային եկամուտը տարուէ տարի կը բարձրանայ լաւագոյն հեռանկարներով:

Պատահեցաւ, որ բարգաւաճման այս ճամբուն մէջ ելեւմտական հաստատութիւն մը արկածի հանդիպի: Զանազան ազդակներ, անջատաբար կամ միասին, նոյն ժամանակի ընթացքին կատարելով իրենց դերը` դժուարութիւններու մատնեցին մեծ ձեռնարկ մը: Երկիրը տագնապ ունեցաւ: Ահազանգիչ զրոյցներ սկսան շրջան ընել: Լիբանանի ելեւմտական առողջութիւնը կասկածի տակ առնուեցաւ: Միջազգային մամուլը, որ մութ աղբիւրներէ կը սնանի, զգայացունցի հետամուտ թերթեր մտահոգիչ լուրերով լեցուցին իրենց սիւնակները:

Այս պայմաններուն մէջ ոեւէ ժողովուրդ պիտի կորսնցնէր գլուխը, պիտի մատնուէր խուճապի` վնասելով թէ՛ իր եւ թէ՛ պետութեան շահերուն: Լիբանանի մէջ պատահեցաւ հակառակը: Առաջին օրուան փոթորիկը անցնելէ ետք բոլորն ալ վերագտան իրենց սառնասրտութիւնը: Պետութիւնը, իր պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, կրցաւ վստահութիւն ներշնչել ու ժողովուրդը, պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ հաւաստիքներուն մէջ, կրցաւ տեսնել անկեղծութեան այն շեշտը, որ անհրաժեշտ էր իր մտավախութիւնները փարատելու համար:

Լիբանանցի ժողովուրդը զգաց, թէ վտանգը ուրկէ կրնար գալ: Հասկցաւ, որ իր պաղարիւնութենէն կախում ունի երկրին ապագան: Ու հինգշաբթի, երբ դրամատուները վերաբացուեցան երեք օր փակ մնալէ ետք, քիչեր ընթացք տուին իրենց մտահոգութեան: Զանգուածը տուաւ վկայութիւնը իր քաղաքացիական գիտակցութեան, ողջմտութեան եւ ամուր ջիղերուն:

Մնացեալը ժամանակի խնդիր էր ու է՛: Ամէն ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի բոլոր տագնապներէն յաղթական դուրս եկած երկիր մը չկքի ելեւմտական տագնապին առջեւ, հոգ չէ թէ այս վերջինը ըլլայ ամէնէն ծանրը, ամէնէն վտանգաւորը:

Հիմա որ տագնապին սուր պահը անցած է, այս երկրին ճակատագիրը վարողներուն եւ անոնց խորհրդականներուն կը մնայ անհրաժեշտ դասերը քաղել, որպէսզի ապագային նման փորձանքներ չպատահին: Ճիշդ է` ժողովուրդը տոկաց, ամուր կեցաւ, խուճապ չունեցաւ, եւ այս փրկութեան պատիւը կը պատկանի իրեն, բայց փորձառութիւն ըսուած բան մը կայ, որ ժողովուրդներու կեանքին մէջ նո՛յնքան կարեւոր է, որքան` անհատներու:

Պետութիւնը, որ մինչեւ հիմա որոշ դժուարութիւններու կը բախէր կարգ մը հաստատութիւններու անսանձ գործունէութիւնը զսպելու եւ կանոնաւորելու համար, այս տագնապով կ՛ունենայ առիթը` բարերար հակակշիռ մը հաստատելու անոնց վրայ, առանց սակայն մեղանչելու տնտեսական ազատութեան այն դրութեան դէմ, որ Լիբանանի հիմքը կը կազմէ` իբրեւ ժողովրդավար երկրի: Ազատութիւն` չի նշանակեր անիշխանութիւն, մանաւանդ` տնտեսական մարզին մէջ, որ ամէնէն զգայունն է եւ չի ներեր թերացումներու:

Վստահութիւնը վերահաստատուեցաւ, բայց ատիկա բաւական չէ: Պէտք է օգտագործել զայն, արդիւնաւորել, որպէսզի նման ցնցումներ անգամ մը եւս չգան խանգարելու այս երկրին յարաճուն վերելքը եւ բարգաւաճման թափը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Միլ Էնտծ` Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ Հանրային Պարտէզը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.