ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանիքէն ներս անհամաձայնութիւն կայ, եւ ամէն անձ կ՛ուզէ իր կարծիքը պարտադրել: Պէտք է յարգել գիտնալ եւ միջին լուծումներ գտնել, որպէսզի բոլորն ալ գոհ մնան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի շատ մօտիկ անձի մը կարծիքները միշտ բարձր կը գնահատէք. թերեւս կը չափազանցէք. դուք ալ ձեր մտածումները ունեցէք, որպէսզի աւելի գոհունակութիւն ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործերը դասաւորած էք եւ առանց դժուարութեան կ՛աշխատիք. սակայն շատ ծանր գործերէ հեռու մնացէք, որպէսզի ձեր ուժերը չսպառէք եւ կարողանաք ձեր աշխատանքը շարունակել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ծրագիրները դասաւորեցէք եւ վերջը կիրարկելու սկսեցէք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք: Գործի մը յաջողութիւնը ձեր ապագան պիտի յստակացնէ եւ պիտի բարելաւէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կեանքին մէջ չափազանցութիւններէ հեռու մնացէք: Խրախճանքները անշուշտ լաւ են, սակայն միեւնոյն ատեն յոգնեցուցիչ են: Ուրեմն ջանացէք միջին կեանք մը ապրիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան կեանքէն աւելի` կը նախընտրէք ընկերայինը. լաւ է, սակայն ձեր ընտանիքին անդամները ձեր աջակցութեան եւ ներկայութեան կը կարօտին: Պէտք չէ անտեսել զանոնք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործունէութիւնները բազմաթիւ են, եւ դուք, չէք կրնար բոլորը լաւ կատարել: Ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ մնացէք, որպէսզի յաջող գործեր արտադրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւ ճամբու վրայ էք եւ պզտիկ քայլերով կը յառաջանաք: Արագ ընթացքով կրնաք վնասել, սակայն դուք ինքնավստահ էք եւ որոշ ժամանակ մը վերջ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լուրջ որոշումներ տալու համար երկուքով պէտք է մտածել: Նեղ կացութեան մէջ պիտի գտնուիք: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ խորհրդակցելով` պիտի կարենաք լուծումներ գտնել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առեւտուրի մէջ շատ պահանջկոտ մի՛ ըլլաք, այլ դիմացիններուն կացութեանը համեմատ առաջարկներ ըրէք, որպէսզի ամէն ինչ լաւ աւարտի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զգուշացէք ծանր աշխատանքներէ, որոնք պիտի յոգնեցնեն ձեզ: Հանդարտ աշխատելով` կրնաք ձեր առողջութիւնը պահել եւ երկար աշխատիլ: Դուք ձեզ մի՛ սպառէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք ձեր զգացումները արագօրէն մի՛ արտայայտէք, կրնան ձեզ սխալ հասկնալ: Ձեր դիմացինները ուսումնասիրեցէք եւ յետոյ ձեր սիրտը բացէք:
