Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլ Էնտծ` Աշխարհի Ամէնէն Փոքրիկ Հանրային Պարտէզը

Հոկտեմբեր 22, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

bardez-1_102216

Աշխարհի ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզը ունի 0,61 մեթր երկարութիւն եւ կը ծածկէ 0,292 քառակուսի մեթր տարածք մը: Ան կը գտնուի Ամերիկայի Օրեկոն նահանգին Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Մրցանիշներու «Կինես» գիրքը անոր այս տիտղոսը պաշտօնապէս տուած է 1971-ին:

* * *

1948 թուականին, սկզբունքով, այս փոքրիկ կանաչ հողաշերտին վրայի «պարտէզին» փոխարէն հոն պիտի բարձրանար ինքնաշարժներու երթեւեկը կանոնաւորող լոյս մը, սակայն ժամանակի ընթացքին այս ծրագիրը չիրականացաւ, եւ լքուած գետնէն սկսաւ վայրի խոտեր բուսնիլ: Հետեւաբար Տիք Ֆէյկըն կ՛որոշէ հոն տնկել ծաղիկներ: Տիք Ֆէյկըն «Օրեկոն ճըռնըլ»-ին մէջ աշխատող լրագրող մըն էր, որուն գրասենեակը կը գտնուէր այդ փոքրիկ հողաշերտին դիմացի շէնքին մէջ:

Ֆէյկըն այս փոքրիկ «պարտէզին» տուաւ իր գրած սիւնակին անունը` «Միլ էնտծ» եւ աւանդութիւն մը հիւսեց անոր շուրջ: Ըստ աւանդութեան, օր մը, երբ ինք իր գրասենեակին պատուհանէն դուրս կը նայէր, տեսած է թզուկ մը, որ հոն փոս մը կը փորէր: Լրագրողը վար կը վազէ եւ կը բռնէ թզուկը, որ ստիպուած` իր փափաքը պէտք է իրականացնէ: Ֆէյկըն կը պատասխանէ, որ կը փափաքի ունենալ իր անձնական պարտէզը: Սակայն որովհետեւ ինք չի ճշդեր իր պարտէզին մեծութիւնը, թզուկը անոր կու տայ այդ փոսը:

bardez-2_102216

Քսան տարի Ֆէյկըն կը շարունակէ իր սիւնակին մէջ յիշել այդ պարտէզն ու թզուկը` հաստատելով, թէ ինք միակ անձն է, որ կրնայ տեսնել այս թզուկը, Փաթրիք Օ՛թուլը: Այս «պարտէզին» բացումը կը կատարուի 1948 թուականին, Ս. Փաթրիքի օրը: Այս թուականէն ի վեր, ամէն տարի հոն տեղի կ՛ունենայ իրլանտական այս սուրբին օրուան տօնակատարութիւնը:

* * *

bardez-3_102216

1971 թուականին այս պարտէզը կը մտնէ «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ` իբրեւ «աշխարհի ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզը»: Իսկ վերջապէս 1976 թուականին ան պաշտօնապէս կ՛արձանագրուի իբրեւ «հանրային պարտէզ»:

Սակայն 2013 թուականին անգլիական Պըրնթվուտ քաղաքի բնակիչները կը բողոքեն` յայտարարելով, թէ Մէլ Էնտծ բաւականաչափ մեծ չէր «հանրային պարտէզ» կոչուելու համար: Անոնք կը պահանջէին, որ «աշխարհի ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզի» տիտղոսը  տրուէր իրենց քաղաքին մէջ գտնուող եւ «Անգլիոյ ամէնէն փոքրիկ հանրային պարտէզի» տիտղոսը ստացած «Փրինսը՛զ փարք» պարտէզին, որովհետեւ անիկա ունէր ցանկապատ, նստարան մը եւ երեք ծառեր: Այս պարտէզը ստեղծուած էր 1863 թուականին` նշելու համար Ալպըրթ Էտուըրտզ իշխանին ամուսնութիւնը: Իբրեւ պատասխան` Փորթլենտի բնակիչներ իրենց պարտէզին շուրջ դրին ցանկապատ մը եւ խաղալիքէ փոքրիկ պահակ մը…

 

«Նասքոնտինօ»` Պահմտոցի Խաղի
Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

bahvedouk-3_102216

Ճիշդ է, որ պահմտոցին հաճելի ժամանց մըն է, սակայն նոյն ատեն անիկա կրնայ շատ լուրջ խաղ մը ըլլալ: Այս ձեւով, գիտէի՞ք, թէ 2010 թուականէն ի վեր տեղի կ՛ունենայ պահմտոցի խաղի աշխարհի ախոյեանութիւնը Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող եւ լքուած Քոսոնօ քաղաքին մէջ:

* * *

bahvedouk-1_102216

Այս տարուան սեպտեմբերի 7-րդ ախոյեանութեան ընթացքին մասնակցած են աւելի քան 320 անձեր` հինգ հոգիէ բաղկացած 64 խումբերու բաժնուած: Ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 25000 քառակուսի մեթր տարածքի մը վրայ, երկու օրուան ընթացքին եւ բազմաթիւ փուլերով:

Այս մրցումին համար խաղին օրէնքները քիչ մը փոխուած են. հաշուող անձը կամ «գայլը» ոչ մէկ խումբի մաս կը կազմէ: Ան մէկ վայրկեան մինչեւ 60 կը հաշուէ: Այդ մէկ վայրկեանի ընթացքին մասնակցողները պէտք է գտնես ամէնէն յարմար թաքստոցները: Անոնք կրնան պահւըտիլ ոչ միայն բնութեան մէջ` ծառերուն, թուփերուն ետեւ, այլ նաեւ` տարածքին վրայ խաղը կազմակերպողներուն կողմէ դրուած բազմաթիւ առարկաներու (հին դուռեր, վրաններ, յարդի դէզեր, հսկայական փուչիկներ, պահարաններ, սեղաններ…):

bahvedouk-2_102216

Տարածքին կեդրոնը զետեղուած է թիրախը, մեծ եւ ուռած բարձ մը: Խաղցողները պէտք է այդ թիրախին հասնին առանց բռնուելու եւ տեսնուելու «գայլին» կողմէ: Առաջին հասնողը կը ստանայ 16 կէտ, երկրորդը` 15 եւ այլն: Անշուշտ զերօ կէտ կ՛արձանագրուի, երբ մասնակցող մը կը բռնուի «գայլին» կողմէ, կամ պահւըտած կը մնայ մինչեւ խաղին վերջը:

Երբ «գայլը» խաղցող մը կը տեսնէ, ան մինչեւ թիրախ կը վերադառնայ եւ զայն կը նշէ. խաղցողը խաղէն դուրս կ՛ելլէ: Ըստ այս տարուան ախոյեաններուն, յաղթելու համար անշուշտ պէտք է ըլլալ արագ, սակայն նոյն ատեն հնարամիտ` լաւ թաքստոցը գտնելու համար եւ համբերատար` դէպի թիրախ վազելու լաւ պահ մը որսալու համար:

* * *

Յաղթող խումբը կը ստանայ փոքրիկ մետալ մը, որուն վրայ ներկայացուած է ոսկեգոյն թզենիի մը տերեւը: Ասիկա վարձատրութիւն մը չէ, այլ ան պարզապէս ճանաչումի միջոց մըն է, սակայն անիկա արգելք չ՛ըլլար հարիւրաւոր խաղցողներուն մասնակցելու ախոյեանութեան` երկու օրուան ընթացքին հաճելի ժամանակներ անցընելու համար:

 

Հարցարան

Ծանօ՞թ Ես Օրէնքներուն

hartsaran_102216

1.- Ո՞ր երկրին մէջ երթեւեկութեան արագութեան սահման չկայ երկրին գլխաւոր մայրուղիներուն գրեթէ կէսին վրայ:
ա.- Զուիցերիա, բ.- Գերմանիա, գ.- Ճափոն, դ.- Պոսթուանա:

2.- Կիպրոսի մէջ արգիլուած է քշելու ընթացքին ուտել կամ խմել:
ա.- ճիշդ, բ.- սխալ:

3.- Ի՞նչ արգիլուած է դրամով ընել բազմաթիւ երկիրներու մէջ:
ա.- Զայն նկարել, բ.- Զայն փճացնել, գ.- Զայն ծախել, դ.- Զայն ուտել:

4.- Ո՞ր քաղաքներուն մէջ արգիլուած է աղաւնիներուն ուտելիք տալ:
ա.- Սան Ֆրանսիսքօ (Միացեալ Նահանգներ), բ.- Վենետիկ (Իտալիա), գ.- Լոզան (Զուիցերիա), դ.- Վերոյիշեալ բոլոր քաղաքներուն մէջ:

5.- Ո՞ր քաղաքին մէջ արգիլուած է ծամոն ծամել հանրային փոխադրակառքերուն մէջ:
ա.- Ուաշինկթըն (Միացեալ Նահանգներ), բ.- Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), գ.- Սինկափուր, դ.- Վերոյիշեալ բոլոր քաղաքներուն մէջ:

6.- Ո՞ր կառոյցին առջեւի աստիճաններուն վրայ արգիլուած է ուտել Ֆլորանսի մէջ, Իտալիա:
ա.- Ճաշարան, բ.- անձնական տուն, գ.- եկեղեցի, դ.- առեւտրական կեդրոն:

Պատասխանները` վերջաւորութեան

 

Հետաքրքրական Թիւեր

Ամէնէն ընդարձակ երկիրները. 1.- Ռուսիա (17 միլիոն քառ. քմ), 2.- Քանատա (10 միլիոն քառ. քմ), 3.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (9,8 միլիոն քառ. քմ), 4.- Չինաստան (9,6 միլիոն քառ. քմ), 5.- Պրազիլ (8,5 միլիոն քառ. քմ):

7 միլիառ: 1.- 7 միլիառ մարդիկ կը բնակին երկրագունդին վրայ: 2.- Բարձր ձայնով 7 միլիառ հաշուելը կը տեւէ 200 տարի: 3.- 7 միլիառ քայլ առնելով` կարելի է երկրագունդին շուրջ 133 անգամ դառնալ: 4.- Եթէ իրարու վրայ դնենք 7 միլիառ անձեր, կրնանք շինել աշտարակ մը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 27 անգամ երկրագունդէն լուսինին հեռաւորութիւնը: 5.- 7 միլիառ երկվայրկեան = 222 տարի:

Ի՞նչ կրնաս ընել 6 վայրկեանէն: 1.- Ճոյի Չեսթնաթ կերաւ 7 լիթր վանիլա պաղպաղակ: 2.- Փաթրիք Պերթոլեթթի Կերու 72 քափքէյք: 3.- Թիմ Ճանիւս կերաւ 141 կտոր սուշի:

Դէպի լուսին եւ անջրպետ: Եթէ մենք կարենանք անջրպետանաւով մը ճամբորդել լոյսի արագութեամբ (299,338 քմ/երկվայրկեան), մենք կարելիութիւնը պիտի ունենանք այցելելու տարբեր աշխարհներ: Որքա՞ն պիտի տեւեն ճամբորդութիւնները երկրագունդէն դէպի տարբեր մոլորակներ: 1.- Դէպի լուսին` 1,3 երկվայրկեան: 2.- Դէպի Հրատ` 4,4 վայրկեան, 3.- Դէպի Լուսնթագ` 36,3 վայրկեան, 4.- Դէպի Երեւակ` 1,2 ժամ, 5.- Դէպի Ուրանոս` 2,5 ժամ, 6.- Դէպի Պոսիտոն` 4,1 ժամ:

hedakrkragan_102216Կը սիրե՞ս տուրմ ուտել: Ամէն տարի աշխարհին շուրջ մարդիկ կ՛ուտեն 3,7 միլիոն թոն տուրմ: Սակայն ո՞ւր կ՛ապրին տարեկան ամէնէն շատ տուրմ ուտող մարդիկ: Անձ գլուխ` 1.- Զուիցերիա` 5,8 քիլօ: 2.- Պելճիքա` 5,7 քիլօ, 3.- Գերմանիա` 4 քիլօ, 4.- Անգլիա` 3,5 քիլօ, 5.- Միացեալ Նահանգներ` 3,5 քիլօ, 6.- Շուէտ` 2 քիլօ, 7.- Ճափոն` 1,3 քիլօ, 8.- Պրազիլ` 1 քիլօ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թռչունները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու թռչունները:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինը սուլիչները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինը սուլիչները:

 

Պատասխաններ

1.- Բ: 2.- Ճիշդ. նոյնիսկ կաթիլ մը ջուր խմելը արգիլուած է, եւ օրէնքին չհնազանդելու պարագային տուգանքը մօտաւորապէս 90 տոլար է: 3.- Բ: 4.- Դ:  5.- Դ: 6.- Գ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի` «Գալէմքեարեաններ. Այնթէպ, Դամասկոս. Հալէպ» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?