Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակորդը Կը Շարունակէ Խախտել Սահմանային Զինադադարը

October 8, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7201_10716

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը անդրադարձած է վերջին շրջանին շփման գիծին մէջ արձանագրուած բազմաթիւ խախտումներուն:

Նախարարութիւնը նշած է, որ դատելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներէն, կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ հակառակորդը ընտրած է սահմանագիծին վրայ իրավիճակը աստիճանաբար եւ նպատակային կերպով սրելու մարտավարութիւն: Ատոր փաստերն են զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներու թիւի յաւելումն ու օգտագործուող զինատեսակներու որակական յատկանիշները:

Յատկանշական է, որ ապրիլեան քառօրեայ առճակատումը սանձազերծած ազրպէյճանական կողմը, որ վերահաս պարտութենէ խուսափելու նպատակով ստիպուած էր իր իսկ խնդրանքով եւ երրորդ կողմի միջնորդութեամբ մարտագիծին վրայ վերահաստատել 1994-ի մայիսին եռակողմանի համաձայնութեամբ ձեռք բերուած զինադադարը, կրկին անցած է սադրիչ գործողութիւններու` ո՛չ միայն տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ, այլ նաեւ քարոզչական դաշտին մէջ:

«Անցած օրերուն ընթացքին հակառակորդը կիրարկելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր, այդ կարգին` «ՏՇՔ» տիպի գնդացիր, «Սեւ նետ» եւ «Իստիգլալ» արձակազէն զինատեսակներ ու ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետ, այսօր տարածած է տեղեկութիւն, թէ հայկական կողմը առաջնագիծին վրայ կիրարկած է 60 միլլիմեթրնոց ականանետեր:

«Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարէ, որ ազրպէյճանական կողմին  տարածած ապատեղեկատուութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան իրավիճակի ապակայունացման ուղղուած պարզամիտ քարոզչական հնարք», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ 7 հոկտեմբերին` ժամը շուրջ 8:30-ին, պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային վէրքեր ստացած է զինուորական ծառայող, 1996-ի ծնունդ Հայկ Համբարձումեանը:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Նախորդը

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Պիտի Քննարկուի 11 Կամ 12 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.