
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը եղաւ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ն: Մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի երեկոյեան, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
Մրցումին առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 1-0 արդիւնքով ի նպաստ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի:
Բ. Կիսախաղին, երբ ամէն ոք կը կարծէր, թէ նախորդ մրցումին ծանր պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ այլեւս տապալած է, հայկական խումբին տղաքը քիփլինկեան մօտեցումով մը կրցան ինքնավստահութիւն ունենալ, երբ ուրիշներ կը կասկածէին, եւ ամուր կամքով յաղթանակը նուաճեցին, երկրորդ կիսախաղին չորս անպատասխան կոլեր նշանակելով` շնորհիւ Վաչէ Գոգազեանի, Աւետիս Յարութիւնեանի եւ Աւետիս Տէր Մանուէլեանի (2):
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ժամհուրը, որ մէկ մրցում կատարած է Քալամունի դէմ` 6-4 արդիւնքով յաղթելով:


