Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ Պարգեւատրել Լիբանանցի Վաստակաւոր Արուեստագէտները

September 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vanatsayn_92516

«Վանայ ձայն»-էն հերթականօրէն ձայնասփռուող «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին նորագոյն հիւրն էր երգչուհի Հիամ Եունես:

«Արաբական երկիրները համախմբող», «Քսաներորդ դարու հրաշքը», «քերթուածներու երգչուհին», «Արեւելքի աստղը» եւ ժողովրդային այլ տիտղոսներով ծանօթ երգչուհին` առ ի գնահատանք մշակութային իր երկարամեայ վաստակին, յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ:

«Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրի հաղորդավար Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով  երգչուհի Հիամ Եունես ներկայացուց իր վայելած իւրաքանչիւր տիտղոսին «պատմութիւնը»: Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս երբ չորսուկէս տարեկան էր, մանկատի իր տարիքին յաջողած էր գրաւել լիբանանցի հանրածանօթ երգիչ Ուատիհ Սաֆիի ուշադրութիւնը` երգելով Տորայի «Սաատէ» բեմէն, երգչախումբի ընկերակցութեամբ եւ թէ ինչպէ՛ս նշեալ քազինոյի սեփականատէրը դիմած էր իրենց տունը` համոզելու համար իր ծնողքը, որ արտօնէ զինք երգելու:

Յայտագիրի ընթացքին վաստակաւոր երգչուհին պատմեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հինգ տարեկանին նկարահանուած է իր առաջին դերը` ժապաւէններու ծանօթ արտադրիչ Ասիա Տաղերի բեմադրած «Սիրտս զաւկիս հետ է» խորագրեալ շարժապատկերին մէջ:

Խօսելով իր արուեստի կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն մասին` հանրածանօթ երգչուհի Հիամ Եունես փափաք յայտնեց «Վանայ ձայն»-ին հետ գործակցաբար իրականացնելու հայ երգարուեստի մշակոյթէն երգ մը երգելու իր երազը:

Երգչուհի Եունես նշեց, թէ իր մանկութեան շրջանի խաղալիքը պուպրիկը չէր, այլ` երգն ու արուեստը, ընդգծելով, որ ինք կ՛ապրի ո՛չ ատելութիւն, ո՛չ ալ ոխ ճանչցող հոգեկան մանկութիւն: Ան յայտնեց, որ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին ինք արուեստի աշխարհէն չէ հրաժարած, այլ` երեք տարիով ինքնամեկուսացած է:

Այս առիթով երգչուհի Հիամ Եունես շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց լիբանանցի հանրածանօթ երգիչ` Մլհեմ Պարաքաթին` յոյս յայտնելով, որ ան շուտով վերադառնայ իր արուեստին եւ բնականոն կեանքին:

 

Նախորդը

25 Տարուան Հացը

Յաջորդը

«Մեր Բոլոր Ջանքերը Պէտք Է Կեդրոնացնենք Տարածքներուն Վրայ Տնտեսական Կառոյցներ Ձեւաւորելու» Ըսաւ Դաւիթ Լոքեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.