Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կապանի Մէջ ՀՅԴ-ի Թեկնածու Արթուր Աթայեան Յաղթող Թեկնածու Է

September 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arthur-Atayan_83116

Կապանի մէջ 2 հոկտեմբերին քաղաքապետի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Թեկնածուներու շարքին է ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Արթուր Աթայեան: Անոր ընտրական գրասենեակի պատասխանատու Սասուն Մանուկեան կարծիք յայտնեց, որ ՀՅԴ թեկնածուն յաղթող թեկնածու է, վստահաբար, մրցակիցները չեն թերագնահատուիր, անդրադառնալով այն փաստին, որ նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին Աթայեան դարձեալ առաջադրուած էր, սակայն իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց:

«Անցեալ ընտրութիւններուն Արթուր Աթայեան ինքնաառաջադրուած  էր, եւ երբ ընտրական գործընթացներուն իրավիճակը խորացաւ, ան  որոշեց ընդհանուր մթնոլորտը չշիկացնելու համար դուրս գալ ընտրապայքարէն: Այսօր, սակայն, Արթուր Աթայեան կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն է. ՀՅԴ-ի որոշումով առաջադրուած է: Կուսակցութիւնը վճռական է ու մինչեւ վերջ ընտրական գործընթացին պիտի մասնակցի», նշեց Մանուկեան:

«Այն ժամանակ իրավիճակը յոյս չէր ներշնչեր, որ կարելի է ինչ որ բան փոխել, հիմա` այս 4 տարուան ընթացքին, շատ բան փոխուած է, համակարգը փոխուած է, փոփոխութեան ենթարկուած սահմանադրութիւնն ալ կարելիութիւն կու տայ  ինքնուրոյն գործելու եւ իրավիճակ փոխելու: Դաշնակցութիւնը ունի բաւարար միջոցներ ընտրական տեղամասերուն մէջ, օրէնքի տառին համապատասխան, ընտրութիւն կազմակերպելու, եւ  կը կարծեմ` օրինական արդիւնքները ամրագրելու պարագային մենք պիտի յաղթենք, որքան ալ փորձ կատարուի ինչ-ինչ ճամբաներով ճնշումներ գործադրելու պետական եւ համայնքային ենթակայութեան աշխատողներուն նկատմամբ», շարունակեց Սասուն Մանուկեան:

Սասուն Մանուկեանի կարծիքով` ինչքան ալ փորձեն համայնքային աշխատողները ճնշել, անոնք գիտեն, որ Արթուր Աթայեան «քատրային ջարդ պիտի չիրականացնէ»:

«Համայնքային հասարակ աշխատողը գիտէ, որ իրեն աշխատանքէն  ազատում չի սպառնար, այսինքն` Արթուր Աթայեան ընտրուելու պարագային քատրային ջարդ պիտի չիրականացուի», ըսաւ  Մանուկեան:

Ինչ կը վերաբերի աւագանիի անդամներուն, Մանուկեան նշեց, որ 15 տեղի համար պիտի պայքարին 6-7 տասնեակ թեկնածուներ:

 

Նախորդը

Ուրուկուէյի Մէջ Պիտի Կայանայ «Լեռնային Ղարաբաղի Ֆորում»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Միայն Մեր Բնագիտութեան Եւ Ուսողութեան Դպրոցը Աւելի Շատ Մրցանակներ Շահած Է, Քան Վրաստանն Ու Ազրպէյճանը Միասին»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.