
Լիբանանեան բանակը երէկ առաւօտեան խուզարկեց Շաաթի եւ հիւսիսային Պեքաայի սուրիական գաղթակայանները, ուր ձերբակալեց 60 օրինազանցներ, որոնք առանց օրինական փաստաթուղթերու մուտք գործած էին Լիբանան:
Բանակը գրաւեց նաեւ մոթորսիքլեթներ:
Միւս կողմէ, «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու ղեկավարի որդին` պաղեստինցի Ապտալլա
Թուֆիք Թահա (Ծնեալ` 1995-ին), Սայտայի կառավարական հիւանդանոցին մօտ անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Երեկոյեան լիբանանցի Մուսթաֆա Խալետ Աֆարա, որ Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն է, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին անձնատուր եղաւ բանակին գաղտնի սպասարկութեան:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան մինչեւ կէսօր թռիչքներ կատարեց եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Լիբանանի արեւելեան եւ արեւմտեան լեռնաշղթաներուն վերեւ` հասնելով մինչեւ Պաալպեք եւ Նապաթիէ:


