Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռապիէի Մէջ. «Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայրն Է Միակ Կարելի Լուծումը, Երբ Աղբի Թղթածրարի Լուծման Ծրագիրն Ու Աղբը Արտածելու Կարելիութիւնները Կը Մերժուին» Շեշտեց Շեհայէպ

August 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_shehayeb_81916

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց երկրագործութեան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս` խնձորի բերքը արտածելու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:

Շեհայէպ զօր. Աունի հետ քննարկեց նաեւ Այն Տարայի քարահանքերուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը զօրակցի Այն Տարայի բնակչութեան:

Շեհայէպ զօր. Աունի հետ քննարկեց նաեւ աղբի թղթածրարը` շեշտելով, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը ժամանակաւոր լուծում է եւ ոչ թէ վերջնական: «Այդ վայրն է միակ կարելի լուծումը, երբ աղբի թղթածրարի լուծման ծրագիրն ու աղբը արտածելու կարելիութիւնները կը մերժուին», ըսաւ ան:

Շեհայէպ նշեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի աշխատանքներուն կասեցումը պիտի վնասէ կապալառուին, որ աշխատանքի յստակ ժամկէտ ունի: «Այս իմաստով մենք ըսելիք ունինք, սակայն կարեւորը այն է, որ աղբերը դարձեալ փողոցներուն մէջ չդիզուին», յայտնեց ան:

Շեհայէպ դիտել տուաւ, որ իրենք պատրաստ են բոլորին` նոյնիսկ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը մերժող կողմերուն հետ խորհրդակցելու, աւելցնելով, որ իբրեւ յանձնախումբ մօտիկ ապագային պիտի հրաւիրեն մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին  քաղաքական լարուածութեան անդրադարձ պիտի չկատարուի:

«Մենք Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ հարց չունինք եւ ոչ ալ կ՛ուզենք ունենալ: Հարցը յստակ է, կա՛մ այն է, որ աղբերը դարձեալ կ՛ողողեն փողոցները, կա՛մ ալ քառամեայ ժամանակաւոր այս լուծումը կը գործադրուի», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Բանակը Շարունակեց Ռմբակոծել Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Քաակի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները Եւ Ընդունեց Հնդկական Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.