Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չխանգարել Բանակցութիւնները

July 21, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Iravabahner_72016

Դրական պէտք է ընկալել երկկողմանիօրէն` իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ գործողութիւնը իրականացնողներու լռութիւնը: Երեւոյթը պէտք չէ վերագրել անպայման կապի խզումին, նոր դաւադրութիւններու մշակման կամ գործողութեան վերջ տալու նպատակով նախապատրաստուող յարձակման: Ոչ ալ` հիւծել-յանկարծակիօրէն գրոհել տարբերակին: Երբ համեմատաբար լուռ են կողմերը, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ կան, իսկ այդ բանակցութիւններուն փակագիծերը չեն բացուիր, որովհետեւ մարդոց ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, որովհետեւ կայ յայտնապէս արիւնահեղութիւնը բացառելու գիտակցում:

Հետեւաբար պահանջներ-ընդառաջումներ կամ չընդառաջումներ, զինեալներու կամ ոստիկաններու տեղաշարժերը իբր թէ նկատողներ, տարածք գրաւողներուն «մինչեւ վերջ գացէ՛ք» ըսողներ կամ պետական ծառայողներուն հասցէին ամէն տեսակի հայհոյանք թափողներ երեւութապէս չեն ազդեր երկու կողմերուն առնելիք քայլերուն վրայ, որովհետեւ երկու կողմերն ալ – կ՛ուզենք հաւատալ նախադրեալներէն եւ երեւոյթներէն մեկնած – բանակցելով եւ ցարդ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ դրական ելքերու, պատուհաններու շրջագիծեր ուրուագծելով գերադաս կը նկատեն առանց մարդկային զոհերու աւարտել գործողութիւնը:

Թէժացնողները, պառակտիչ եւ հրահրիչ յայտարարութիւն կատարողները, «մինչեւ վերջ մի՛ յանձնուիք» կամ «գրոհեցէ՛ք» յանձնարարողները յայտնապէս երկու կողմերուն գիտակցական մօտեցումով չեն վերաբերիր այս խնդիրին:

Լռութիւնը միշտ չէ, որ կրաւորականութիւն է, անտարբերութիւն, անկարողութիւն կամ արհամարհանք:

Իսկ այս պարագային աւելի համոզիչ է, որ այդպէս չէ: Նման ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համեմատական լռութիւնը բանակցութիւն է: Իսկ բանակցիլը ուժի կիրարկման բացառումով խաղաղ լուծումի յանգելու համար է: Երկու կողմերուն լռութիւնը այս կը նախանշէ, մնացեալը` եթէ այս տրամաբանութենէն դուրս է, կրնայ խանգարիչ ըլլալ: Իսկ խանգարումը կը վերաբերի մարդոց կեանքերուն:

Առ այս պահը խանգարողները չեն յաջողած ազդել բանակցողներուն վրայ: Պիտի ուզէինք, որ չազդէին:

«Ա.»

 

Նախորդը

«Դաշնակցութեան Կեցուածքը Միշտ Եղած Է Այն, Որ Երկրին Մէջ Պէտք Չէ Ցնցում Յառաջացնել» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

Ներկայացուեցաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Նոր Մարզիչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.