Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարին Հետապնդումը Կը Շարունակուի

July 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hasan_fadlalla_71916

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ եւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:

Խորհրդարանական յանձնախումբը շարունակեց քննարկել ապօրինի համացանցին թղթածրարը:

Նիստէն ետք Հարպ յայտնեց, թէ իրենք պիտի չարտօնեն, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարը փակուի` աւելցնելով, որ այդ հարցին իմաստով յանցագործները բացայայտելու հետաքննութիւն պէտք է բացուի եւ բոլորը դատավարութեան ենթարկուին:

«Այս իմաստով դատական իշխանութիւնները իրենց դերակատարութիւնը լաւապէս կը կատարեն», ըսաւ Հարպ:

Ան շեշտեց, որ օրէնքը պէտք է բանեցուի բոլոր պատասխանատուներուն դէմ, ովքե՛ր ալ ըլլան անոնք, որովհետեւ ապօրինի համացանցի թղթածրարը լիբանանեան պետութեան վնասներ հասցուցած է:

Միւս կողմէ, Հարպ աւելցուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը կը սերտէ համացանցի եւ հեռաձայնի գործածութեան սակերը նուազեցնելու կարելիութիւնները:

Իր կարգին, Ֆատլալլա յայտնեց, որ  ընդհանուր դատախազութիւնը որոշած է հետապնդել ապահովութեան ուժերու այն պատասխանատուները, որոնց արտօնութեամբ որոշ շրջաններու մէջ հաստատուած են ապօրինի համացանցի սարքեր, ինչպէս նաեւ մաքսատան պաշտօնեաները, որոնք արտօնած են այդ սարքերուն մուտքը Լիբանան:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ այդ թղթածրարին վերաբերեալ 20 ամբաստանեալ կայ, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ արգելափակուած են:

«Մենք` իբրեւ յանձնախումբ, հասանք այս ոճիրին տեսակը ճշդելու կէտին եւ մեր դերակատարութիւնը լիովին կատարեցինք, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խնդրանքով պիտի շարունակենք աշխատանքը: Այդ նպատակով ալ յանձնախումբը այս ամսուան ընթացքին պիտի գումարէ նիստ մը եւս: Պիտի շարունակենք այս թղթածրարը քննարկել եւ երբ նորութիւններու հանդիպինք, զանոնք պիտի յայտարարենք հանրութեան», ըսաւ ան:

Նախորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Արսալի, Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վրայ Գտնուող Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Յաջորդը

Համախմբումը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Քարիւղի Եւ Տուրքերու Օրէնքին Վերաբերող Որոշումներուն Հեզասահ Վաւերացումը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.