Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Նաւ Մը Հասաւ Աշտոտ. «Թուրքիան Բոլոր Մարզերուն Մէջ Պաղեստինցիներուն Օժանդակութիւն Պիտի Տրամադրէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

July 4, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkish-ship_70316

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ թրքական կառավարութիւնը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելէ առաջ Կազայի շրջափակման ջնջման հարցը քննարկած է պաղեստինեան Համաս եւ Ֆաթհ շարժումներուն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ «եւ այդ հարցով ուժեղ զօրակցութիւն ստացած է»:

«Թուրքիոյ Մերսին նաւահանգիստէն Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելը Կազայի շրջափակումը վերցնելու նախնական քայլ մըն է», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը: Նշենք, որ Կազայի համար մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւ մը երէկ հասած է Իսրայէլի Աշտոտ նաւահանգիստ:

«Պաղեստինն ու Կազան տարբեր մարզերու մէջ օժանդակութեան կարիք ունին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով քայքայուած են ենթակառոյցները, վնասուած են հիւանդանոցներն ու դպրոցները, գոյութիւն ունի ելեկտրականութեան եւ ըմպելի ջուրի տագնապ: Թուրքիա այդ մարզերուն մէջ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ պաղեստինցիներուն»:

«Թուրք եւ պաղեստինցի ժողովուրդները կը վստահին թրքական կառավարութեան եւ այդ ծիրին մէջ կը զօրակցին անոր», շեշտեց Չաւուշօղլու` զգուշացնելով, որ «կողմեր կը քննադատեն Թուրքիան` Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելուն համար եւ կը փորձեն այդ հարցը օգտագործել կարգ մը նպատակներու իրագործման համար` իբրեւ քաղաքական միջոց»:

«Մենք չենք կրնար մեր քայլերը առնել` հիմնուելով անոնց վրայ, որովհետեւ չենք կրնար մեր ճամբան շարունակել մարդոց հետ, որոնք մերթ ընդ մերթ կը փոխեն իրենց միտքը եւ իրենց երթը կը հիմնեն կատարելապէս ժխտական գաղափարներու վրայ», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Թրքական կառավարութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին պիտի նուազեցնէ թշնամիներու թիւը եւ աւելցնէ բարեկամներուն թիւը»:

Նախորդը

«Սուրիացիներուն Պիտի Արտօնենք Թուրքիա Մնալ Եւ Թուրքիոյ Քաղաքացիութիւն Ստանալ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.