Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Մեղմացնելու Լարուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ

July 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aliyev-Kerry-Sargsyan_70116

«Ռոյթըրզ»` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական աղբիւրներէն կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին երկու երկիրներուն կոչ ուղղած է` հետեւելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման համաձայնութեան: Ան նշած է, որ տագնապի գօտիին մէջ վերջին շաբաթներուն այդ համաձայնութիւնը կը գործադրուի:

Քերրի նախագահներէն խնդրած է հետեւիլ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեան:

«Միացեալ Նահանգներ Հետաքրքրուած Են Տեսնել
Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծումը» 
Կ՛ըսէ Քըրպի

«Ամերիկայի ձայնը» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի` մեկնաբանելով արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ հեռաձայնային զրոյցները յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ վերահաստատած են, որ հետաքրքրուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծումով:

«Զրոյցներուն ընթացքին անշուշտ խօսուած է Լեռնային Ղարաբաղի մասին եւ թէ դէպի ուր կը տանին այդ հոլովոյթները: Մեր ցանկութիւնն է այդտեղ տեսնել խաղաղ լուծում», ըսած է ան:

Նախապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք համոզում յայտնած էր, որ միայն զինադադարի դրութեան պահպանման պարագային կարելի է արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարել: Դեսպանը նշած էր, որ բանակցային ներկայ փուլին մէջ սեղանին վրայ դրուած են քանի մը առաջարկներ, որոնց շուրջ կողմերը ունին տարակարծութիւններ, սակայն համաձայնութեան հասնիլը կարելի է, մանաւանդ, որ պահը ատոր համար հասունցած է:

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ իր գրասենեակի աշխատանքներու ընդլայնման հարցը ճշգրտման փուլի մէջ է: Ան յայտնած է, որ իր կարծիքով այդ մէկը շատ ժամանակ պիտի չպահանջէ, սակայն հարցը կախեալ է մանրամասնութիւններէն:

Ան ընդգծած է, որ խօսքը իր լիազօրութիւնները մեծցնելու մասին չէ, այլ իր աշխատակազմին թիւը մեծցնելու եւ գրասենեակը ընդլայնելու:

Միւս կողմէ` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս հայաստանեան «Ժողովուրդ» օրաթերթին յայտնած է. «Տարիներ շարունակ եռանախագահները պաշտպանած են հետաքննող մեքանիզմի ձեւաւորումը: Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Հետաքննութեան մեքանիզմի վերաբերեալ այս պահուս կայ առաջարկ, որ ներկայացուած է կողմերու քննութեան: Մինչեւ այն ատեն, որ առաջարկը չէ ընդունուած, մենք ատոր հետ կապուած մանրամասնութիւններ չենք կրնար ներկայացնել: Բայց եւ այնպէս, մենք կը շարունակենք յուսալ, որ կարելի պիտի ըլլայ շուտափոյթ համաձայնութեան հասնիլ այս հարցին շուրջ»:

 

 

Նախորդը

Շթայնմայեր Պաքուի Մէջ Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցին Մէջ Փոխզիջումի Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Սպանիոյ Փայփորթա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.