
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 23 յունիսին այցելած է Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն մէկը եւ մասնակցած է ձեռնարկութեան նոր արտադրամասի բացման:
Նախարար Օհանեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ Ռազմական արդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի ստեղծումով պաշտպանութեան նախարարութեան հովանիին տակ գործող եւ զինուած ուժերուն աջակցող այլ կազմակերպութիւնները շարունակաբար պիտի զարգացնեն իրենց կարելիութիւնները եւ իրենց արտադրութեամբ պիտի նպաստեն զինուած ուժերու մարտունակութեան ամրապնդումին:
Արտադրամասի բացման արարողութենէն ետք պաշտպանութեան նախարարը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ ոլորտի պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ շրջագայած է ձեռնարկութեան տարածքին մէջ, ծանօթացած արտադրական կարողականութեան: Անոր ներկայացուած են գոյութիւն ունեցող ներուժն ու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ապագայի բազմաբնոյթ ծրագիրները:


