
Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի (փլէյ-օֆ) դարձի մրցումին, Օսասունա 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ժիրոնային, յաջողեցաւ ապահովել յառաջիկայ տարեշրջանի «Լա լիկա»-ի իր տոմսը:
Օսասունա երթին եւս յաղթանակ արձանագրած էր 2-1 արդիւնքով:
Ժիրոնա մնաց Բ. դասակարգ:


