
«Էրմանիհապեր»` յղում կատարելով «Հապերկազեթասի»-ին, կը հաղորդէ, որ 1900-ականներու սկիզբը Նամիպիոյ մէջ Գերմանիոյ կողմէ գործուած ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու համար օրէնսդրական առաջարկ ներկայացուած է Թուրքիոյ խորհրդարանին:
Օրէնսդրական առաջարկի հեղինակը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Մեթին Քիւլիւնքն է: Առաջարկի որդեգրումին պարագային Թուրքիան 1900-ականներու սկիզբը Նամիպիոյ մէջ գերմանացիներուն գործած կոտորածը պիտի ճանչցուի իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Գերմանիան 2004-ին` Նամիպիոյ հերրերօ ցեղախումբին դէմ գործուած ջարդին 100-ամեակին որդեգրած էր բանաձեւ, ուր կը նշուէր «պատմական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնն ու մեղքը, որ տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ գործած էին գերմանացիները»:


