
Նախորդ շաբաթավերջին լիբանանահայ երիտասարդ Արա Արսլանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «GNBF» Եւրոպայի «բնական» մարմնամարզութեան ախոյեանութեան միջազգային մրցաշարքին:
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն Արա Արսլանեան «GNBF» երիտասարդներու «տարեկան» իր մղած պայքարին մէջ ապահովեց 75 քկ կշիռքի լաւագոյններու դիրքը եւ տիրացաւ Գերմանիոյ «GNBF» Եւրոպայի «բնական» մարմնամարզութեան ոսկի մետալին:


