
3 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հաստատած է, որ 2 յունիսը իսկապէս շատ կարեւոր օր էր:
«Գերմանիոյ նման ազդեցիկ եւրոպական պետութիւն մըն է այսպիսի որոշում տուողը, թէեւ Գերմանիոյ նախագահը տակաւին նախորդ տարի խօսած էր այդ մասին ու ըսած, որ եղածը Ցեղասպանութիւն է: Թուրքիան ամէն ճիգ ու ջանք գործադրեց, որ նման որոշում չտրուի, սակայն, Գերմանիոյ խորհրդարանը համարեայ միաձայնութեամբ որոշեց որդեգրել այդ բանաձեւը», ըսած է Մանոյեան:
Մանոյեանի համաձայն, այդ բանաձեւին մէջ կան շարք մը կարեւոր շեշտադրումներ: «Կը խօսի Թուրքիոյ այսօրուան սերունդի պատասխանատուութեան մասին եւ ակնարկութիւն կը կատարուի այն մասին, որ այսօրուան Թուրքիան ալ պատասխանատուութեան բաժին ունի: Անդրադարձ կայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, եւ Գերմանիան յանձն կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ եւ իր կառավարութեան յանձնարարած է քայլերու ձեռնարկել», դիտել տուած է Մանոյեան:
Անոր համաձայն, Գերմանիան կարեւոր երեւոյթ մը ցոյց տուաւ այլ պետութիւններու: «Յիշենք, որ Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը նման որոշում չեն տուած», ընդգծած է ան:
Կիրօ Մանոյեանի բնորոշումով, Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը խուճապահար կեցուածք ունեցողի հակազդեցութիւն է: «Դեսպանը տուն կանչուեցաւ: Թրքական մամուլը նոյնպէս խուճապի մէջ է, գերմաներէն վերնագիրներով նիւթեր կը հրապարակեն այն մասին, թէ Հիթլերի թոռներ զիրենք կը մեղադրեն Ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այս առիթով Եւրոպական յանձնաժողովը Հայաստանին ու Թուրքիոյ կոչ ուղղած է, որ լրջօրէն հետամուտ ըլլան իրենց յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին, ասիկա հիմնականին մէջ պատգամ է ուղղուած Թուրքիոյ, սակայն այդ երկրի պահուածքը անփոփոխ է: «Թուրքիան կը կրկնէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պիտի չբարելաւուին, այնքան ատեն որ Ղարաբաղի հարցը առկայ է: Կարելի չէ Թուրքիոյ կողմէ որեւէ դրական բան ակնկալել», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Պունթեստակի կողմէ ընդունուած բանաձեւին յաջորդէ ժխտումը քրէականացնող բանաձեւի ընդունումը, Մանոյեան ըսած է, թէ Գերմանիոյ կողմէ նման նախաձեռնութիւն ակնկալելէ առաջ պէտք է սպասենք, թէ Ֆրանսայի մէջ ի՛նչ պիտի ըլլայ: Ան աւելցուցած է, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը մնար Գերմանիոյ կառավարութեան որոշումէն կախեալ, այդպէս ալ կը մնար:
Անդրադառնալով Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան նշած է. «Ինչպէս բոլոր նման բանաձեւերու պարագային, Թուրքիան ինչ ալ ընէ, որքան ալ նեղանայ, այդ յարաբերութիւնները կը շարունակուին այնպէս, ինչպէս կան: Եթէ Թուրքիան յարաբերութիւններուն մակարդակը իջեցնէ, այդ պիտի նշանակէ, որ իր շահերուն կը հարուածէ ու կը վնասէ»:


