Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Եւ ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

May 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hantiboum_50316

3 մայիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժինի ղեկավարի տեղակալ Ռուբէն Յարութիւնեանը, որոնք հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը տեղեակ պահուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 20-րդ Գերագոյն ժողովի գումարման եւ նորընտիր Գերագոյն մարմինին մասին:

Հանդիպումին մասին խօսելով` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Հանդիպումին նախաձեռնութիւնը մեր կողմէ էր, եւ երբ հանդիպման առաջարկը ներկայացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, զինուորական գործողութիւնները տակաւին սկսած չէին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի երկայնքով: Այնպէս որ` այդ զինուորական  գործողութիւնները փոխեցին հանդիպումին օրակարգը: Մանրամասն անդրադարձ եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, այս վերջին իրադարձութիւններուն: Մենք յայտնեցինք մեր ակնկալիքները միջազգային համայնքէն, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն, որ անհրաժեշտ է իրերը կոչել իրենց անուններով, անհրաժեշտ է զինադադարի դրութիւնը վերահսկելու մեքանիզմներ հաստատել եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է քայլերու ձեռնարկել»:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ՀՅԴ-ի կարծիքով, Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ հաւանական զարգացումներուն: Անդրադարձ կատարուած է ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրին, ՀՅԴ-ի դիրքորոշումին` ընտրական նոր օրէնսգիրքի եւ ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն վերաբերեալ եւ անոնց` Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան կարելիութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն համար ներկայիս առաջնահերթութիւնը 1994 թուականի զինադադարի 2016 թուականին վերահաստատուած դրութեան ամրապնդումն է, փոխադարձ վստահութեան ուղղութեամբ քայլերը եւ կողմերը բանակցութեան սեղան վերադարձնելը:

Հայաստանի ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն գծով դեսպան Միլզ շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ աջակցած են եւ կը շարունակեն աջակցիլ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, որուն մէջ` ձեւաւորման ընտրական այնպիսի համակարգի մը, որ վստահութիւն պիտի ներշնչէ Հայաստանի ժողովուրդին: Դեսպանը շեշտած է, որ այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք ունին կատարելիք թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը, եւ թէ՛ քաղաքացիական հասարակութիւնը:

Կողմերը համաձայնած են աւելի յաճախակի դարձնել նման հանդիպումներ:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահը Հեռաձայնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Պիտի Քննարկէ «Արցախի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.