Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի. «Թուրքիա Մեծ Դեր Կրնայ Կատարել Շրջանի Կայունութեան Մէջ»

April 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hariri_42916

«Կը խորհինք, որ Թուրքիա մեծ դեր կրնայ կատարել շրջանի կայունութեան մէջ», յայտարարեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ, շուրջ  մէկուկէս ժամ խորհրդակցելէ ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, Պոլսոյ Եըլտըզ պալատին մէջ: Այս առիթով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Հարիրի յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ քննած է շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական կացութիւնը` նախագահական աթոռի թափուր մնալուն հարցը, սուրիացի գաղթականներու հոսքը եւ այլն:

«Նաեւ խորհրդակցեցանք շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան մասին. մենք կ՛ուզենք լաւ յարաբերութիւններ մշակել Իրանի հետ, սակայն շրջանին մէջ անոր ժխտական միջամտութիւնները կ՛արգելակեն նման բարի դրացիական յարաբերութեանց սերտացումը», աւելցուց Հարիրի:

Նախագահական ընտրութեան գծով արծարծուող երկամեայ ընտրութեան առաջարկին մասին Հարիրի յայտնեց, որ այս մասին ոչ ոք զինք տեղեակ պահած է եւ ինք ալ մամուլէն իմացած է: «Մեր սահմանադրութիւնը յստակ է` նախագահին պաշտօնավարութեան շրջանը վեց տարի է», ընդգծեց Հարիրի: Իսկ Ֆրանսայի նախագահին այցելութեան ընթացքին այս առնչութեամբ որեւէ այլ առաջարկի մասին Հարիրի յայտնեց, թէ իրեն որեւէ բան չէ  փոխանցուած: Հարիրի նաեւ հերքեց, թէ ինք կը մտադրէ նախագահական իր թեկնածուին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարել Մոսկուայի թէ Թուրքիոյ մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Լիբանան Ֆրանսայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնակարգ Օրակարգերէն Մէկն Է» Յայտարարեց Ֆրանսայի Դեսպան Էմմանուէլ Պոն

Յաջորդը

Այնճարի Թաղապետները` Արդէն Ընտրուած

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.