Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Պետականացնէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

March 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

agos_32816

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Ույկար Կիւլթեքին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, 25 մարտին տուած մէկ որոշումով, պետականացուցած է Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող 6300 կառոյցներ եւ տարածքներ, որոնց շարքին նաեւ` Ս. Կիրակոս եկեղեցին:

Պետականացուած կալուածներու շարքին են նաեւ ասորական, քաղդէական եւ բողոքական եկեղեցիներ:

Ս. Կիրակոս եկեղեցին տարիներ շարունակ ձգուած էր բախտի քմահաճոյքին: Վերջին տարիներուն, մեծ ջանքերու շնորհիւ վերանորոգուած ու վերաբացուած էր հայկական այս սրբատեղին:

«Ակօս»-ի թղթակիցը կապ հաստատած է Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի Մշակութային ժառանգութեան գրասենեակի նախագահ Նեւին Սոյլուքայանի հետ, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Սուրի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն եւ հիմնադրամներուն պատկանող տարածքներուն պետականացման որոշումը տրուած է արդէն: Այդ կալուածներու ցանկին մէջ կը գտնուին քաղաքապետարանին պատկանող ունեցուածքներ, որոնց համար քաղաքապետարանը որոշած է դատի տալ կառավարութիւնը:

Սոյլուքայան նաեւ յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է, որ սեփականատէրերը նոյնպէ՛ս դատական գործընթացի սկսին:

Թուրքիոյ մէջ հիմնադրամներուն առնչուող օրէնսդրական փոփոխութիւններէն ետք, Պոլիս բնակող տիգրանակերտցիները վերստեղծած էին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը եւ սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Եկեղեցին վերականգնած էր տարբեր երկիրներէ ստացուած օգնութեանց շնորհիւ: Վերականգնումի աշխատանքներուն համար շուրջ 2 միլիոն թրքական լիրա ծախսուած է:

Նախորդը

Դաւիթ Լոքեան Այցելեց Արագածոտնի Մարզ Եւ Լսեց Գիւղացիներուն Մտահոգութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Սիսի Կաթողիկոսարանին Հարցով Կրնայ Վճիռ Արձակել Մինչեւ Աշուն

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.