Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Կիպրական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

March 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arm_cyp_31616

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Կիպրոս: Կիպրոսի նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահներ Նիքոս Անասթասիատեսի եւ Սերժ Սարգսեանի առանձնազրոյցը, որուն աւարտին տեղի ունեցած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող փաստաթուղթեր, մասնաւորաբար` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ 2016-2018-ի համագործակցութեան ծրագիրը, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան 2016-2020-ի համագործակցութեան մասին գործնական ծրագիրը, Հայաստանի կառավարութեան եւ Կիպրոսի կառավարութեան միջեւ երկու երկիրներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումը սկսելու եւ շարունակելու նպատակով բարձրագոյն ուսումնական որակաւորումներու փոխադարձ ճանաչման համաձայնագիրը:

Հանդիպումի աւարտին նախագահները տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը: Կիպրոսի նախագահը ողջունած է այս այցելութիւնը, որ կը ծառայէ հայ-կիպրական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման` անդրադառնալով այն օգտաշատ քննարկումներուն, որոնք կատարուած են հանդիպումին ընթացքին: «Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են տասնհինգ համաձայնագիրներ, որոնք ցոյց կու տան Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը: Անշուշտ պէտք է նշեմ, որ մեր եղբայրական յարաբերութիւններուն վկայութիւնն է նաեւ Կիպրոսի գաղութին աշխուժ ներկայութիւնը: Մեր հայ հայրենակիցները երկու երկիրները շաղկապող շատ կարեւոր օղակ են, եւ անոնք կրնան Հայաստանը մնայուն կերպով պահել կիպրոսցիներուն սրտին մէջ: Այսօր նկատի առնելով մեր պատմական, մշակութային եւ կրօնական կապերը` կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը շարունակելու եւ աշխուժացնելու համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ` միշտ նկատի առնելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն փոխադարձ յարգանքը», ըսած է Կիպրոսի նախագահը:

Անոր համաձայն, բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է թէ՛ կիպրական հարցին, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին զարգացումներուն, քննարկուած են Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է այս այցելութեան ընթացքին կատարուած տարբեր մարզերու վերաբերող բանակցութիւններն ու գոյացած համաձայնութիւնները` հաստատելով, որ երկուստեք անհրաժեշտ նկատած են բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց շնորհիւ հետեւողական կերպով ներուժ կը ստանան երկկողմանի քաղաքական երկխօսութեան, միջխորհրդարանական համագործակցութեան եւ կրթամշակութային կապերը: «Վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը` պահպանելու քաղաքական երկխօսութեան աշխուժութիւնը եւ աշխատելու համագործակցութեան օրակարգը բազմազանեցնելու ուղղութիւններով, որոնց իրագործումը սոյն այցելութեան ընթացքին ստորագրուող փաստաթուղթերու շրջագիծին մէջ պէտք է տեսնել: Հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ յատուկ կերպով  կարեւոր նկատեցինք զինուորական մարզին մէջ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ անոր շարունակական ընդլայնումը», դիտել տուած է հանրապետութեան նախագահը:

Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ անհրաժեշտ նկատուած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ խթանել երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները:

Լուսարձակի տակ առնուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, Կիպրոսի կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:

Աւարտին Հայաստանի նախագահը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանն ու Կիպրոսը կը շարունակեն միասնաբար աշխատիլ յանուն աւելի լաւ ու բարգաւաճ ապագայի:

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան Կը Խոստանայ Որդեգրել Հակամենաշնորհային Աւելի Գործօն Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Ակնարկ. Ռուսական Օդուժի Հեռացումը` Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.