Արժանթինի Հայ Գաղութը
Հարաւային Ամերիկայի ընդարձակ երկիրներէն է Արժանթին: Ունի 2.794.000 քառ. քմ տարածութիւն եւ շուրջ 22 միլիոն բնակիչ:
Արժանթին անկախութիւն հռչակած է 1816-ին: Ազգային հերոսն է Սան Մարթին:
Մայրաքաղաքն է Պուէնոս Այրէս:
Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն հայաշատ կեդրոնն է Արժանթին: Շուրջ 40-50 հազար հայեր կը բնակին:
Լաւ կազմակերպուած գաղութ մըն է: Ունի եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ շուրջ 60 միութիւններ:
Առաջնորդն է Բաբգէն արք. Ապատեան:
Հայերը բարեկեցիկ են: Կան 100-150 միլիոնատէրեր:
Պուէնոս Այրէսի ազգային-եկեղեցական գործերու վարիչն է Ազգային կեդրոնական վարչական խորհուրդը, որ կ՛ընտրուի Հայ կեդրոնի ընդհանուր ժողովէն, որուն կրնան անդամակցիլ արժանթինաբնակ բոլոր հայերը անխտիր:
Հայ կեդրոնը ունի իր ծրագիր-կանոնագիրը` վաւերացուած կառավարութեան կողմէ:
Հայ կեդրոնի հողին վրայ կառուցուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, առաջնորդարանը եւ «Արսլանեան» վարժարանը:
Ամբողջօրեայ դպրոց է «Արսլանեան» վարժարանը: Ունի 370 աշակերտ: Երկու նոր հողամասեր պիտի գնուին եւ պիտի կառուցուի արդիական մանկապարտէզ մը, արժանթինահայ մեծահարուստ Տիարպէքիրեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ:
Հայաշատ Վալենթին Ալսինայի արուարձանին մէջ կը գտնուի «Խրիմեան» վարժարանը:
2600 քառ. մեթր տարածութեամբ հողամաս մը գնուած է եւ կառուցուած է նոր դպրոց մը` մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններով: Այժմ դպրոցը կը կոչուի Խրիմեան կրթական հիմնարկութիւն:
Վարժարանը պետական է: Կը ծածանին եռագոյն եւ արժանթինեան դրօշներ: Հայերէնի ծրագիրը կը գործադրուի կէսօրէ առաջ, պետականը` կէսօրէ ետք:
Յետմիջօրեայ «Րաֆֆի» ազգային վարժարանը կը գտնուի մայրաքաղաքի հեռաւոր թաղամասերէն Ֆլորիսթայի մէջ:
«Արծրունեան» ամբողջօրեայ ազգային վարժարանը կը գտնուի մայրաքաղաքի Ֆլորես թաղին մէջ: Դպրոցի կողքին կառուցուած է Ս. Խաչ եկեղեցին:
Ամբողջօրեայ «Պաղչէճեան» ազգային վարժարանը կը գտնուի Վիժա Սոլդաթի թաղամասին մէջ:
Կայ նաեւ «Մխիթարեան» վարժարանը, որ կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան:
Արժանթինահայ գաղութի միակ օրաթերթն է «Արմենիա»-ն, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթն է: Կան նաեւ շաբաթաթերթեր, ամսագրեր ու պարբերաթերթեր:
Պուէնոս Այրէսէն 800 քմ դէպի արեւմուտք կը գտնուի Քորտոպան: Կ՛ապրին 3500-4000 հայեր: Ունի եկեղեցի մը` Ս. Գէորգ, որուն կողքին կը գտնուի «Պաքըրճեան» սրահը եւ հայկական դպրոցը: Ազգային գործերը կը վարէ Գաղութային միութիւնը:
Քառասուն տարիներու անցեալ ունի ՀՅ դաշնակցութիւնը, որուն «Անդրանիկ» ակումբը ժամադրավայր է բոլորին:
Դաշնակցութիւնը իր կողքին ունի «Արմենիա» երիտասարդաց միութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան մասնաճիւղը եւ նորակազմ Հայ արիներու եւ արենուշներու միութիւնը:
Քորտոպայէն 40 քմ հեռու կը գտնուի Ալթա Կրասիա գիւղը, ուր կը բնակին որոշ թիւով հայեր: Ունին մանկապարտէզ-ծաղկոց մը:
