ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը խնդիրներ պիտի յարուցէ պաշտօնակիցի մը հետ: Ձեզմէ պիտի չպահանջուի բարեկամ ըլլալ: Ջանացէք հարցերը լուծել հաշտութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աւարտեցէք այն պարտականութիւնները, զորս կ՛ուզէք իրագործել, լաւ օր մը պիտի անցընէք` ազատ ու անկախ տրամադրութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր անտրամադիր էք. գալով վիպային հարցերու, անոնք պիտի յայտնուին ուրիշ օր մը: Օրուան հարցերը բաւարար են ձեզ յոգնեցնելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգ մը անհամաձայնութիւններ` ձեզի մօտիկ անձերու հետ: Ինչի՞ կը ծառայէ ժամանակի մը համար լռութիւն պահելը իրարու հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ժամանակ ունիք զբօսնելու, գացէք դէպի բնութիւն, ուր տեսարանի գեղեցկութիւնը ձեզ պիտի ներշնչէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աստղերը այսօր ձեզի ազատութիւն պիտի ներշնչեն` կատարելու ձեր փափաքը, ինչ որ ալ ըլլան ձեր զբաղումները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարգադրէք տնտեսական ձեր հաշիւները: Ինչ որ ալ ըլլան ձեր հաշիւները, զանոնք կարգադրուած նկատեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը պիտի շեշտուի ուրախութեամբ եւ կենսունակութեամբ: Մէկդի դրած էք ձեր հոգերը եւ կը մտածէք հարցերը իրապաշտօրէն լուծելու մասին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ` ընտանեկան, աշխատանքային եւ սիրոյ, պիտի ընթանան հաշտ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Ոչ մէկ խոչընդոտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճշմարիտ բարեկամը չ՛ուզեր ըսել ձեզի այն, ինչ որ պէտք չէ ըսէ, բայց կ՛ըսէ այն, զոր դուք կ՛ուզէք լսել: Անկեղծութիւնը կը գնահատուի այս կերպով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կան գրողներ, որոնց գրականութիւնը սրտի կը խօսի, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնեն իրական կեանքին պատկերը: Նման ընթերցում մը այսօր ձեր սրտին պիտի խօսի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կասկածներ, մտահոգիչ զգացումներ, անորոշութիւններ յարատեւ պիտի չմնան: Տետրակ մը առէք եւ ձեր օրագրութիւնը գրեցէք, ինչ որ ունիք ձեր մտքին մէջ: Խանդավառ եղէք: