Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արման Թաթոյեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

February 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tatoyan_022316

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը աւարտեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ընտրութեան փակ, գաղտնի քուէարկութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 107 պատգամաւոր, անվաւեր ճանչցուեցաւ 4  քուէաթերթիկ:

96 պատգամաւոր «կողմ» քուէարկեց Արման Թաթոյեանի թեկնածութեան, 7-ը` «դէմ»:

Քուէարկութեան արդիւնքներուն ամփոփումէն ետք  Արման Թաթոյեան, մօտենալով Ազգային ժողովի ամպիոնին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «բարձր վստահութեան համար», այնուհետեւ երդում տուաւ. «Կ՛երդնում հաւատարիմ մնալով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացիին իրաւունքներն ու ազատութիւնները»:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Թաթոյեան  անգամ մը եւս հաստատեց, որ որեւէ կերպով կաշկանդուած պիտի չըլլայ, որ իր թեկնածութիւնը ներկայացուցած էր իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը:

ՀՅԴ-ն Կողմ Քուէարկեց Արման Թաթոյեանի
Թեկնածութեան

Ազգային ժողովի քառօրեային ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Ան  նշեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի  ընտրութեան հարցը համակարգային կը նկատէ եւ կը մեկնի հիմնական քանի մը հաստատումներէ:

Նախ, Արծուիկ Մինասեանի խօսքով, սահմանադրական կարգաւորումներուն համաձայն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը հանրային բոլոր մակարդակներու մարմիններու  պարտականութիւնն է, անիկա կարելի չէ դիտել միայն մէկ մարմինի եւ  մէկ անձի պաշտպանութեան ներքեւ, այլ պէտք է ըլլայ թէ՛ գործադիր, թէ՛  դատական, թէ՛ օրէնսդիր մարմիններու, պետական եւ տեղական մարմիններու կողմէ, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ բոլոր այդ մարմինները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային համակարգի տարրերն են:

«Եթէ այստեղէն կը բարձրաձայնուի մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութեան մասին, ապա ատիկա պէտք է վերաբերի հաւասարապէս բոլորին, այլ ոչ` ընտրողաբար եւ միայն մէկ հաստատութեան», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Արծուիկ Մինասեան աւելցուց, որ Արման Թաթոյեանի հետ ՀՅԴ խմբակցութիւնը հանդիպում ունեցած է, որուն ընթացքին խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն հիմնական մտահոգութիւնը փարատած է, որովհետեւ հայեցակարգային պատկերացումներով թեկնածուն լիարժէք կերպով կը համապատասխանէ ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ «Կանաչներ»-ը Կը Խոստանան 25 Փետրուարին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը

Յաջորդը

Սպանիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` «Վիչենթէ Քալտերոն»-ի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.