Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան Եւ Սէյրան Օհանեան Քննարկած Են Բանակաշինութեան Վերաբերող Հարցեր

February 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pago-seyran_021116

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 փետրուարին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Պաշտպանութեան Բանակի
Հրամանատարական Կազմի Խորհրդակցութիւն

Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուորական  փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 11  փետրուարին ներկայ եղած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի խորհրդակցութեան:

Հեռահաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեսակապի շնորհիւ խորհրդակցութեան մէջ ներգրաւուած էր նաեւ բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան եւ բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարական կազմը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ենթակայ զօրամասերուն մէջ տեղի ունեցած ամփոփիչ ստուգումներու նախնական արդիւնքներուն, նոր ուսումնական փուլի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցումներով հանդէս եկած են համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները: Ներկայացուած են սահմանագիծին եւ զօրքերու մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ զգօնութեան բարձրացման միտող նախաձեռնութիւնները, ուսումնական տարուան նախապատրաստական փուլի աշխատանքներուն առանցքային հարցերը, մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան, զօրքերու մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման եւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման ուղղութեամբ տարուող  աշխատանքները:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Պատուիրակութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Եւ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր Պիտի Ստորագրուի

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.