Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Մնացականեան ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Զինադադարի Խախտման Մասին

January 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Mnatsaganian1_012116

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան 19 յունուարին ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի «Քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւն» խորագիրով բաց քննարկման ընթացքին:

Ան անդրադարձած է վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ 1994 թուականին կնքուած զինադադարի անտեսման եւ խախտման դէպքերուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն ապրած անվտանգութեան եւ վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն:

Դեսպանը նշած է, որ կ՛աւելնան Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գօտիին մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմանային գիծին վրայ խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումները` հասնելով աննախադէպ չափերու, նաեւ տարբեր զինատեսակներու եւ ծանր հրետանիի օգտագործումով, խլելով սահմանային գիւղերու բնակիչներուն կեանքը: Միայն  սեպտեմբեր 2015-ին զոհուած է երեք կին:

«Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի միտումնաւոր եւ նպատակային խախտումները` զուգորդուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն խաթարումով: Ուստի, Հայաստան անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին հետամուտ ըլլալու միջազգային հանրութեան կոչերուն` ձեւաւորելու զինադադարի խախտման դէպքերը քննող մեքանիզմ եւ ետ քաշելու արձակազէնները: Այլապէս, պիտի ստանձնէ բռնութեան եւ լարուածութեան աճի ամբողջ պատասխանատուութիւնը», ըսած է Հայաստանի դեսպանը:

Մնացականեան շեշտը դրած է այն իրողութեան վրայ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը տագնապներու լուծման հարցով շրջանային կազմակերպութիւններու կարողութիւններու կիրարկման լաւագոյն օրինակներէն է` աւելցնելով, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ միջազգային հանրութեան, ՄԱԿ-ի եւ անոր ընդհանուր քարտուղարին աջակցութիւնը Մինսքի խմբակի գործունէութեան` կոչ ուղղելով մերժելու Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերու խաթարման Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը:

Կարեւոր նկատելով ՄԱԿ-ի մասնակցութիւնը քաղաքացիներուն դէմ ֆիզիքական բռնութեան կանխարգելման, պաշտպանութեան եւ մարտավարութեան մշակման մարզերուն մէջ` Հայաստանի դեսպանը շեշտած է. «Կազմակերպութեան հեղինակութիւնը պէտք է գնահատուի ոչ թէ հնչեցուած` դատապարտման խօսքերով, այլ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղուած շօշափելի գործունէութիւններով: Այս իմաստով պէտք է յատկապէս ընդգծել ՄԱԿ-ի եւ շրջանային կազմակերպութիւններու դաշտային առաքելութիւններու դերը` տեղւոյն իրավիճակի գնահատման հարցին մէջ, ընդունելով, որ կանխարգիլումը քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան լաւագոյն միջոցն է: Աւելի՛ն, տագնապի գօտիին մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է զանգուածային ոճրագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան յանցատեսակի հետ»:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը` Պաքուի Ջարդերուն Առիթով

Յաջորդը

Ռուսիոյ Հետ Կազի Գինի Շուրջ Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.